Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Vlume-ի հետ իր համագործակցութիւնը կը շարունակուի, ընդլայնելով այս մեծ թուային գրադարանը:
Vlume թուային գրադարանը ել-գիրքերու եւ ձայնագիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը ունի թէ՛ արեւմտահայերէնով եւ թէ՛ արեւելահայերէնով. Vlume միեւնոյն ժամանակ հայ գրականութիւնը ժամանակակից ձեւաչափով ըմբոշխնելու հնարաւորութիւնը կ՚ընծայէ ընթերցողին։
Այս համագործակցութեան շնորհիւ արդէն իսկ հրատարակուած են բազմաթիւ ել-գիրքեր ու ձայնագիրքեր, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան ամբողջական ֆիլմաշար մը։ Առկայ ծրագիրով նախատեսուած է գրադարանը հարստացնել յաւելեալ 180 ել-գիրքերով եւ 125 ձայնագիրքերով յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին:
Vlume-ը բաժանորդներուն հնարաւորութիւն կու տայ կարդալու եւ լսելու հայերէն գիրքեր որեւէ արդի գործիքով. հարթակին ծանօթանալու համար այցելել՝ https://vlume.com/hye/home-page-new-wa/։
Հիմնարկութեան ներկայ ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը եւ արձանագրուիլ լրատուին։