Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարցազրոյց ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի Ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի Հետ

Հարցազրոյց ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի Ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի Հետ

by MassisPost

«Լիբանանը Սփիւռքի հայրենասիրութեան եւ մեր ազգային դատի հետապնդման մղիչ ուժն է: Հայաստանի պետականաշինութիւնը պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթ խնդիրը»

Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է ամփոփել ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի վերջին երկու տարիներու գործունէութիւնը:
Պ.- Եթէ փորձենք ամփոփել վերջին երկու տարուան՝ 2020 եւ 2021, Լիբանանի շրջանի աշխատանքները, կրնանք միայն մէկ վերնագիր տալ՝ ընկերային ծառայութիւն եւ կարիքաւոր ընտանիքներու հոգատարութիւն, հայկական թաղամասերու ապահովութիւն եւ նման աշխատանքներ: Կարելի է ըսել, որ երկու տարիէ գրեթէ քաղաքական աշխատանքը սառած է, որովհետեւ երկիրը կը գտնուի քաոսի մէջ: Այսօր ոչ ոք կ’ուզէ իր սխալը ընդունիլ, իր յանցանքը ստանձնել, բոլորը կ’արդարանան եւ ուրիշը յանցաւոր կը համարեն, երբ բոլորը անխտիր ունեցած են իրենց մեղքի ու յանցանքի բաժինը վերջին 30 տարիներու ընթացքին, միայն մէկ՝ տոկոսային տարբերութեամբ, ոմանք շատ եւ ոմանք քիչ:

Ի տես այս իրավիճակին, որպէս կուսակցութիւն այդ գործելաոճը որդեգրելէ ուրիշ ճար չկար: Յատկապէս 4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի հուժկու պայթումէն ետք, մենք որպէս կուսակցութիւն, եւ յարակից՝ մշակութային, երիտասարդական, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններ, բոլորս ամբողջութեամբ կլանուեցանք աշխատանքի, որպէսզի ընդհանրապէս լիբանանահայուն եւ մասնաւորապէս հայկական թաղամասերուն մէջ բնակող հայուն կարիքները հոգանք: Այստեղ պէտք է խոստովանիլ, որ մեր կուսակցութիւնը շատ փայլուն ձեւով կատարեց այս աշխատանքը, շնորհիւ ղեկավարութեան, բայց մանաւանդ՝ շարքային երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք սիրայօժար եւ անձնուիրումով ստանձնեցին այս աշխատանքը: Նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ այս աշխատանքները կարելի պիտի չըլլար յաջողցնել եթէ չունենայինք արտասահմանի շրջաններէն մեզի օժանդակող մեր քոյր կազմակերպութիւնները եւ անհատ բարերարներ, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց բարերարութիւնը, որպէսզի կարենանք գէթ ձեւով մը թեթեւցնել մեր ժողովուրդին դժուարութիւնները: Այս էր կուսակցութեան վերջին երկու տարուան գործունէութեան ծիրը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ շատ ծանր պայմաններ են՝ ոչ ելեկտրականութիւն, ոչ դեղորայք, ոչ վառելանիւթ, ոչ բժշկական խնամք: Այս բոլորը, դժբախտաբար, կը բացակային եւ այս բացը ինչ-որ չափով եւ մասամբ պէտք էր թեթեւցնել, եւ այդ եղաւ մեր աշխատանքին թիրախը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսական վիճակը օրէ օր աւելի կը բարդանայ ու կը ծանրանայ: Լիբանանեան թղթոսկին անսանձ կ’արժեզրկուի, անհատներու աշխատավարձերը վերածելով շատ չնչին՝ իրենց ապրուստի տարրական ծախսերուն համեմատած:

Հ.- Լիբանանի շրջանը ինչո՞վ կը տարբերի միւս շրջաններէն:
Պ.- Լիբանանահայ գաղութին կարեւորութիւնը այս պահուն չէ որ պիտի ճշդենք: Լիբանանը, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, Սփիւռքի բաբախող սիրտն է, հակառակ անոր որ հիմա քիչ մը դանդաղ կը բաբախէ, սակայն վստահ ենք, որ երբեք կանգ չ’առներ: Հետաքրքրականօրէն ամէն ինչ կը սկսի Լիբանանէն եւ կ’աւարտի Լիբանանի մէջ: Լիբանանը գրեթէ միակ երկիրն է, ուր հայութիւնը ներգրաւուած է տեղի քաղաքական կեանքին մէջ եւ իր իւրայատուկ ներկայութիւնն ու համբաւը ունի: Չմոռնանք լիբանանահայութեան եւ հաստատութիւններուն թիւը, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռին ներկայութիւնը Անթիլիասի մէջ, այս բոլորը առանձնայատկութիւն կու տան Լիբանանին: Հակառակ վերջին 30-40 տարիներուն եւ նոյնիսկ անկէ առաջ երկրին մէջ տեղի ունեցած պատերազմներուն ու անկայուն վիճակներուն, Լիբանանը կրցած է սերունդներ պատրաստել, որոնք այսօր Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ դարձած են պատասխանատու եւ կարեւոր դիրքերու հասած անհատներ: Այս բոլորը կը փաստեն, որ Լիբանանի ներուժը շատ մեծ է, անշուշտ եթէ իր բնականոն վիճակին վերադառնայ:

Հ.- Ի՞նչ կը սպասէ լիբանանահայ գաղութին եւ ո՞ւր կը տեսնէք անոր փրկութիւնը:
Պ.- Եթէ այսօր հարցնէք, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է Լիբանանը, դժբախտաբար բոլորին հայեացքը յարած է դէպի արտագաղթ: Ատեն  մը ուրախութիւն էր, որ բազմաթիւ ընտանիքներ որոշած էին ներգաղթել Հայաստան: 2018 թուականէն սկսեալ, Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, կարծէք Սփիւռքի մէջ ինքնակամ եւ ինքնաբուխ ներգաղթ մը կազմակերպուեցաւ: Եթէ 1946-ին ներգաղթի կոմիտէ կար եւ յառաջդիմական կուսակցութիւնները կ’աշխատէին որպէսզի հայութիւնը ուղղեն դէպի Հայաստան, այս անգամ ներգաղթը ինքնաբուխ էր, ժողովուրդը համոզուած կ’առնէր այդ քայլը: Սակայն ափսոս որ Հայաստան ապրեցաւ դժուար օրեր, եւ նաեւ որովհետեւ Լիբանանի վիճակը վատթարացաւ տնտեսական իմաստով, Հայաստան տեղափոխուիլ ծրագրած ընտանիքներուն թիւը դժբախտաբար նուազեցաւ, ոչ թէ որովհետեւ չկամութիւն կայ, այլ որովհետեւ Լիբանանէն դուրս գալը ներկայ պայմաններուն մէջ անբարենպաստ է, մարդոց ինչքը եւ ունեցուածքը անարժէք դարձած ըլլալուն պատճառով:

Իսկ ինչ կը վերաբերի լիբանանահայութեան փրկութեան, դժբախտաբար անիկա կապուած է Լիբանանի փրկութեան հետ, որ այս պահուն երեւակայական է, ի տես քաղաքական լարուած իրավիճակին: Լիբանան չի կրնար վերականգնիլ այնքան ատեն որ կը շարունակուի առկայ մնալ պետութեան մէջ «աւելի զօրաւոր» պետութիւն մը, այնքան ատեն որ կայ պետական բանակին համազօր բանակ ունեցող ուժ մը, որ Լիբանանը պատանդ վերցնելով զայն մխճրած է շրջանային պայքարներու մէջ, որոնք երբեք առնչակից չեն Լիբանանի հետ: Եթէ Լիբանան չապաքինուի, լիբանանահայութիւնն ալ կրնայ ժամանակի ընթացքին յոգնիլ եւ հիւծիլ: Մաղթենք, որ այդ վիճակին չհասնինք: Մինչ այդ պէտք է գօտիները ամրացնել եւ մարտահրաւէրները դիմակայել միասնական ճիգերով, որովհետեւ Լիբանանը Սփիւռքի հայրենասիրութեան եւ մեր ազգային դատի հետապնդման մղիչ ուժն է:

Ես կ’ուզեմ կոչ ուղղել մեր բարեկամներուն, մեր ընկեր-ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ մեր համակիրներուն, ուր որ ալ անոնք գտնուին, որ չմոռնան Լիբանանը, չմոռնան որ այսօր Լիբանան ղրկուած փոքր իսկ օժանդակութիւնը իր մեծ նշանակութիւնը ունի: Կը փափաքինք, որ բոլոր շրջանները, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, հոն ապրող լիբանանահայերը յատկապէս, մեզի զօրակցին: Հարկ է նշել, որ անցնող տարիներուն իրենց զօրակցութեամբ մենք կրցանք յառաջ շարժիլ, եւ այս առիթով կոչ կ’ուղղեմ, որ շարունակեն իրենց ձեռքը մեկնել, որպէսզի մենք ալ մեր հերթին մեր յանձնառութիւններուն տէր կանգնինք, որպէսզի Մայր կուսակցութիւնը Լիբանանի շրջանին մէջ գոյատեւէ եւ իր յարակից միութիւնները պատնէշի վրայ մնան, ինչպիսին են Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, «Արարատ» օրաթերթը, ՀՄՄ-ը, ՀԿԲՄ-ը, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը, երիտասարդական շարժումները, սկաուտութիւնը: Այս բոլորը զոհողութիւն կը պահանջեն եւ մենք մեր ուժերով դժուար թէ դիմակայենք, ուստի կ’ակնկալենք որ Լիբանանը սիրողները ընդառաջեն մեր կոչին:

Հ.- ՍԴՀԿ-ը պիտի մասնակցի՞ Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Պ.- Նկատի առնելով, որ ՍԴՀԿ-ը քաղաքական կուսակցութիւն է, շատ տրամաբանական է, որ մասնակցինք երկրին մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն: 1992 թուականէն ի վեր կուսակցութեան որոշումն է մասնակցիլ բոլոր տեսակի ընտրութիւններուն, ըլլան անոնք երեսփոխանական, քաղաքապետական կամ այլ, եւ հետեւաբար 2022-ի Մայիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութիւնը անպայմանօրէն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր հայկական ներկայացուցիչի աթոռ գոյութիւն ունի: Նշենք, որ կուսակցութիւնը արդէն իսկ սկսած է իր նախընտրական աշխատանքները, սակայն հոս կ’ուզեմ մատնանշել, թէ կրնա՞նք վստահ ըլլալ, որ այդ ընտրութիւնները անպայմանօրէն տեղի պիտի ունենան: Այդ հարցին տակաւին կասկածանքով կը մօտենանք, որովհետեւ բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ Լիբանանի իշխանութիւններուն կրնայ երբեք ձեռնտու չըլլալ ներկայ իրավիճակին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել, եւ մեր մտավախութիւնը այն է, որ եթէ երբեք իշխող համակարգը զգայ, որ կրնայ կորսնցնել ներկայացուցչութիւններու որոշ թուաքանակ մը, կրնայ ամէն հնարքի դիմել որպէսզի այդ ընտրութիւնները յետաձգուին կամ չեղեալ համարուին: Այդուհանդերձ, կը կրկնեմ, որ ՍԴՀԿ-ը պատրաստ է եւ անպայմանօրէն պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն:

Հ.-  Իսկ արդեօք պա՞րզ է, թէ կուսակցութիւնը որ քաղաքական ուժին հետ պիտի դաշնակցի այս ընտրութիւններուն:
Պ.- Այս պահուն տակաւին յստակ չէ եւ կ’աշխատինք որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, վերջնական եզրակացութեան գալէ ետք, յայտարարենք այդ մասին: Բայց կրնամ ըսել, որ հայկական իմաստով որեւէ միասնական դաշինք տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ նախեւառաջ ընտրական նոր օրէնքով ձեռնտու չէ, որ հայկական կուսակցութիւնները միասին նոյն ցանկին մէջ ըլլան: Առաւել եւս, 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու մեր փորձառութիւնը մեզ կը թելադրէ, որ նման քայլի չդիմենք, որովհետեւ այդ փորձը մեզի ցոյց տուաւ, որ ոմանք տակաւին միասնականութեան իմաստը չեն ըմբռնած եւ միասնականութիւն բառը իրենց համար միայն լոզունգ է: Աւելցնենք, որ դժբախտաբար, այս տարի եւս հայ թեկնածուներու առատութիւն մը պիտի տեսնենք, այդ վիճակը վերահսկողութենէ դուրս ելած է: Ամէն մարդ ամէն տեղ պիտի առաջադրուի, բայց այդ չէ մեր խնդիրը: Այս երեւոյթը արդէն քանիերորդ ընտրութիւնն է որ կը կրկնուի նոյն ձեւով,  եւ հիմա՝ առաւել շեշտուած: Այս իր պատճառները ունի եւ նոյն տեղը կը տանի. ոմանք տարիներու ընթացքին չկրցան ըմբռնել, թէ ինչ կը նշանակէ հայ քաքաղական կուսակցութիւններու միասնականութիւն, զայն շփոթեցին միահեծանութեան հետ, կարծելով որ ամէն բան միշտ ի շահ իրենց պիտի մնայ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը դիտէք ու կը գնահատէք Հայաստանի քաղաքական կեանքը: Եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէք անոր ապագան:
Պ.- Հայաստանը, մեր կարծիքով, դանդաղ բայց հաստատ քայլերով յառաջ կ’ընթանայ: Անոնք որոնք յոռետես են, անոնք որոնք գիշեր-ցերեկ քննադատութենէն բացի ուրիշ բանով չեն զբաղած, անոնց պէտք է ըսել, որ իրականութիւնը այդպէս չէ: Իրականութիւնը այն է, որ տարիներէ ի վեր կուտակուած ցաւ մը, խնդիր մը կար, որ նախորդ իշխանութիւնները միշտ կը փորձէին յետաձգել, ուշացնել կամ ծածկել, բայց օր պիտի գար, որ այլեւս լուծում ստանար: Խօսքս արցախեան խնդիրին եւ ընդհանրապէս սահմանազատում եւ սահմանագծում հոլովոյթին մասին է: Բայց եթէ մենք խոհեմ ըլլայինք, այդ օրը մենք կը ճշդէինք, մեր լաւագոյն՝ ուժեղ եղած օրերուն: Դժբախտաբար, ամէն մարդ փորձեց խուսափիլ, որպէսզի իր իշխանութեան օրօք նման բան տեղի չունենայ, որպէսզի չստիպուին գրաւեալ հողեր վերադարձնել, բայց արդիւնքը դուրս եկաւ որ հակառակորդը իր քայլը ի գործ դրաւ ի՛ր ուժեղագոյն եւ մեր ամենաթոյլ պահուն: Հետեւաբար, գին մը կայ վճարեցինք եւ թերեւս տակաւին վճարենք, բայց այդ վճարման պատասխանատուն այսօրուան իշխանութիւնները չեն երբեք, ոչ ալ վարչապետ Փաշինեանն է: Այս չի նշանակեր, որ մենք ամբողջութեամբ կը զօրակցինք կամ կը բաժնենք Փաշինեանի աշխատանքը, մեր կուսակցութեան դիրքորոշումն է ամէն ինչին տալ իր յարմար գնահատականը: Սակայն Հայաստանի մէջ կայ չափազանց լարուածութիւն, պէտք է լաւ գիտնանք ինչ է իշխանութիւն եւ ինչ է ընդդիմութիւն, փորձելով աւելի շինչ ու կառուցողական ձեւով աշխատիլ: Այս վիճակը եւ Ազգային Ժողովէն ներս տիրող մթնոլորտը անընդունելի են մեզի համար: Ուստի, կը մաղթենք, որ բոլոր թնճուկները վերջնականապէս լուծուին, որպէսզի մեր ապագայի քայլերը ճշդենք եւ մեր հայրենիքի վերընձիւղման աշխատանքները շարունակենք:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ապագային, մենք կը շեշտենք, որ Հայաստանի պետականաշինութիւնը պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթ խնդիրը, որպէսզի ամէն անգամ, որ փորձանք մը պատահի կամ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, ստիպուած չըլլանք զերոյէն սկսիլ: Ամուր հիմքերու վրայ պետութիւնը, հզօր բանակը, դատական արդար համակարգը եւ ընկերային արդարութիւնը պէտք է ըլլան գերիշխող: Պէտք է զգացական մօտեցումներէ հեռու մնանք, որպէսզի կարենանք առանց բարդոյթի մեր դրացիներուն հետ վերջնական համաձայնութիւններ կնքել, անշուշտ առանց զիջումներու՝ էական հարցերու մէջ: Հարկաւոր է նաեւ, որ յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի մէջ ձեւաւորուի խորհրդարանական նոր ընդդիմութիւն, որ ըլլայ կառուցողական եւ կատարէ վերահսկողական դեր ու չնմանի այսօրուան հիւանդ եւ մաղձով լեցուն ընդդիմութեան: Այս բոլորը անհրաժեշտ են, որպէսզի մենք վստահ ըլլանք հայրենիքի ապագայով:

Հ.- 2022-ին ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք նշել կուսակցութեան յոբելենական՝ 135-ամեակը:
Պ.- Մեզի համար ամեակները ընդհանրապէս հաշուեյարդարի առիթ են, ինչպէս նաեւ առիթ մըն է վերարժեւորելու մեր կատարած աշխատանքները: Դժբախտաբար, այս տարի 135-ամեակը կու գայ քիչ մը տխուր մթնոլորտի մէջ: Կրնանք ըսել, որ 130-ամեակէն մինչեւ հիմա շատ բան փոխուած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մենք անշուշտ կ’ուզենք կուսակցութեան 135-ամեակը եւ ընդհանրապէս ամեակները փառաշուքօրէն նշել, որովհետեւ մեր եւ մեր ժողովուրդին իրաւունքն է այդ, որովհետեւ ամեակները առիթ են, որ ժողովուրդին բացայայտենք մեր կատարած աշխատանքը՝ ի փառս մեր ժողովուրդին: Դժբախտաբար, 2022-ը կրնայ ըլլալ շատ պատեհ առիթներ չստեղծէ, որ մենք կարենանք արժանավայել ձեւով նշել այս ամեակը, սակայն մենք կը կարծենք, որ շրջանները յատուկ միջոցառումներով անպայմանօրէն, թէկուզ սահմանափակ ներկայութեամբ, ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն: Բայց մեզի համար շատ կարեւոր է, որ 135-ամեակի գլխաւոր՝ եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունենայ հայրենի հողին վրայ:

Յիշեցնենք, որ 2022 տարին նաեւ կը զուգադիպի մեր կուսակցութեան համագումարի կայացման թուականին: Հետեւաբար, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութիւնը, շրջաններուն հետ միասնաբար, այդ համագումարի օրերուն վստահաբար առիթ պիտի ստեղծէ, որ մենք Հայաստանի մէջ կատարենք մեր եզրափակիչ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին լուսարձակի տակ առնուի 135-ամեայ փառապանծ Մայր կուսակցութեան կատարած սխրագործութիւնները, փայլուն պատմութիւնը եւ մեծ թիւով նահատակները, որոնք զոհուած են յանուն հայրենիքին եւ յանուն հայ ժողովուրդի փրկութեան ու գոյատեւման: Այստեղ նաեւ հարկ կը զգամ կրկնել այն հանգամանքը, որ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած, ժողովուրդին ցաւերով տոգորուած, ժողովուրդին բարօրութեան նուիրուած կուսակցութիւն մըն է: Մենք պատիւով կ’ըսենք ու կը կրկնենք միշտ, որ մեր կուսակցութիւնը երբեք, երբեք իր ժողովուրդին հանդէպ դոյզն անգամ չէ սխալած:

Հարցազրոյցը վարեց՝
ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment