Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Բանակցութիւններու Ներքին Ու Արտաքին Արձագանգները

Հայ-Թրքական Բանակցութիւններու Ներքին Ու Արտաքին Արձագանգները

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ Մոսկուայի մէջ կայացաւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու առաջին հանդիպումը, որու աւարտին կողմերը առանձին-առանձին հրապարակուած յայտարարութիւններով եկան հաստատելու թէ հանդիպման մթնոլորտը եղած է դրական ու կողմերը պայմանաւորուած են շարունակելու երկխօսութիւնը` առանց նախապայմաններու:

Հայկական կողմի կեցուածքը սկիզբէն ի վեր եղած է այն, որ բանակցութիւնները ընթանան առանց նախապայմաններու: Ըստ երեւոյթին թրքական կողմը եւս համաձայն գտնուած է այս տեսակէտին հետ ու պատրաստ է շարունակելու խօսակցութիւնները իր հարեւան երկրին հետ, որու նկատմամբ միշտ ալ ունեցած է ոչ բարեկամական, պատմականօրէն թշնամական վերաբերմունք, զայն նկատելով խոչընդոտ իր փանթուրքական ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին:

Երեւանի ակնկալիքները այս բանակցութիւններէն կը կեդրոնանան երկու կէտերու վրայ. սահմաններու բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում: Եթէ Անգարա անկեղծ ըլլայ հրապարակային իր արտայայտութիւններուն մէջ  ու որոշած է իսկապէս` առանց նախապայմաններու յառաջ տանիլ երկխօսութիւնը, ապա երկարատեւ հանդիպումներու կարիք պէտք չէ ունենայ` բանալու իր կողմէ փակուած սահմանը,  հաստատելու  դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու փոխանակելու դեսպաններ: Որեւէ ուշացում այս ուղղութեամբ պիտի թարգմանուի որպէս ձգձգում եւ շեղում նախնական համաձայնութենէն:

Առաջին այս հանդիպումը միջազգային շրջանակներու եւ լրատուամիջոցներու կողմէ արժանացաւ մեծ ուշադրութեան: Այդ քայլը ողջունեց Եւրոպական Միութիւնը, պատրաստակամութիւն յայտնելով նիւթապէս աջակցելու կողմերուն` յարաբերութիւններու կարգաւորման իրենց քայլերուն մէջ: Նոյն ըրաւ նաեւ ՆԱԹՕ-ն, որուն անդամ է կողմերէն մէկը: Թրքական մամուլը եւս դրական արտայայտուեցաւ առանց նախապայմաններու սկիզբ առած բանակցութիւններուն  նկատմամբ: Արեւմտեան որոշ լրատուամիջոցներ կարծիք յայտնեցին, որ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ եւ սահմանի բացումով Հայաստան դուրս կու գայ շրջափակումէն եւ նոր հեռանկարներ կը բացուին անոր առջեւ` զարգացնելու տնտեսութիւնը եւ հասնելու առեւտուրի նոր շուկաներ, իսկ Թուրքիա աւելի լայն կապ կ’ունենայ իր դաշնակից Ատրպէյճանի հետ: Կարգ մը մեկնաբաններ աւելի հեռուն երթալով` Հայ-թրքական բանակցութիւններու յաջողութեան մէջ կը տեսնեն Հարաւային Կովկասէն ներս Ռուսաստանի դիրքերու թուլացումը:

Ամփոփելով կարելի է եզրակացնել, որ հետաքրքրութիւնը մեծ է Երեւան-Անգարա հաշտութեան այս նոր փորձին նկատմամբ ու տարբեր կողմեր շահաքրքրուած են այդ հարցով` իւրաքանչիւրը հետապնդելով իր ուրոյն նպատակները:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանէն ներս, առաջին այս հանդիպումը սպասուածին նման արժանացաւ ընդդիմութեան քննադատութիւններուն, ոչ թէ բովանդակութեան առումով, այլ կողմնակի հարցեր բարձրացնելով: Խորհրդարանէն ներս ընդդիմադիր պատգամաւորներ, իրենց առարկութիւնները կեդրոնացուցած էին գլխաւոր բանագնաց` Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի անձին վրայ, լաւագոյն պարագային զինք նկատելով «անփորձառու», իսկ աւելի առաջ երթալով` որպէս «թրքական լրտես»: Ընդդիմութիւնը այլ բան չէր կրնար ընել, նկատի առնելով որ, իշխանութեան վրայ եղած ժամանակ իրենք եւս կը վարէին նոյն քաղաքականութիւնը` ինչ որ կ’ընէ այսօրուայ իշխանութիւնը, մէկ կարեւոր տարբերութեամբ որ, Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը իշխանութեան եկած է ժողովուրդի քուէներով եւ ունի մանտաթ` հետապնդելու երկրի տարածաշրջանային շահերը, իսկ իրենք երկիրը կը ղեկավարէին կեղծուած ընտրութիւններու շնորհիւ:

Գ. Խոտանեան

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment