Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Շուրջ Խօսակցութիւն Չէ Եղած Քըլըչի Հետ․ Ռուբինեան

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Շուրջ Խօսակցութիւն Չէ Եղած Քըլըչի Հետ․ Ռուբինեան

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ խօսակցութիւն չէ եղած Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հետ, «Ազատութեան» «Հարցազրոյց Կարլէն Ասլանեանի հետ» հաղորդման ժամանակ ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը:

Հայաստանը միշտ յայտարարած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Ցեղասպանութեան հետ կապուած նախապայման չկայ, շեշտեց Ռուբինեան՝ ընդգծելով, որ այդպէս եղած է միշտ` նախկին բոլոր իշխանութիւններուն օրօք, եւ նման հարց օրակարգ բերելով, ըստ անոր, օրակարգը ուղղակի կը դադրի, եւ այդ կը հասկնայ նաեւ թրքական կողմը:

«Անիմաստ է այդպէս սկսել բանակցութիւններ, որովհետեւ դրանք ոչ մի տեղ չեն տանի», ըսաւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը` նշելով, որ առաջին հանդիպման ընթացքին փորձած են քննարկել ոչ թէ սուր անկիւններ յառաջացնող, այլ՝ դրական հարցեր:

Այն դիտարկման, թէ այնուամենայնիւ այս հարցով որոշակի տարբերութիւններ եղած են նախորդած երեք իշխանութիւններուն օրօք․ Տէր Պետրոսեանը կ’ըսէր` «Դա փաստ է, չենք քննարկում», Քոչարեանը կը փորձէր միջազգային օրակարգ հարցը բերել, Սերժ Սարգսեանի օրօք ալ ցիւրիխեան արձանագրութիւններով պատմաբաններու յանձնաժողովին Երեւանը համաձայնութիւն տուաւ, եւ հարցումին, թէ ներկայիս իշխանութեան մօտեցումը ո՞րն է Հայոց ցեղասպանութեան հարցով, Ռուբինեանը պատասխանեց․ «Նախ ցիւրիխեան փրոթոքոլներում Ձեր ձեւակերպած ձեւով չէր, մի փոքր այլ ձեւակերպում էր, եւ երկրորդը` մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է, ընդ որում մեր դիրքորոշումն առանձնապէս չի տարբերւում նախորդ իշխանութիւնների դիրքորոշումից այս առումով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը նախապայման չէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում: Երբ որ մենք ասում ենք, որ մենք պատրաստ ենք կարգաւորել յարաբերութիւնները առանց նախապայմանների, դա բառիս բուն իմաստով նշանակում է` առանց նախապայմանների, եւ մենք ակնկալում ենք, որ նոյնանման մօտեցում պէտք է լինի Թուրքիայից, որովհետեւ դա է ճանապարհը յառաջ գնալու»:

Ռուբինեան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց` Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեւիցէ որեւէ տարածքային պահանջ չէ ներկայացուցած Թուրքիոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment