Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քննարկուած Են Հայաստանի Վերափոխման Մինչեւ 2050 Թուականի Ռազմավարութեան Լաւարկման Ու Նոր Բովանդակութեան Մշակման Վերաբերող Հարցեր

Քննարկուած Են Հայաստանի Վերափոխման Մինչեւ 2050 Թուականի Ռազմավարութեան Լաւարկման Ու Նոր Բովանդակութեան Մշակման Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որու ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի վերափոխման մինչեւ 2050 թուականի ռազմավարութեան իրականացման ու հնարաւոր վերափոխման առնչուող հարցեր:

Խորհրդակցութեան սկիզբը վարչապետը նշած է. «Այսօր հաւաքուել ենք քննարկելու եւ վերանայելու Հայաստանի վերափոխման մինչեւ 2050 թուականի ռազմավարութիւնը եւ, ի վերջոյ, հասկանալու այդ ռազմավարութեան յարաբերութիւններն ընթացիկ իրավիճակի հետ, գնահատելու կապերը կառավարութեան գործունէութեան եւ միջոցառումների ծրագրերի հետ: Նաեւ, ըստ այդմ, պէտք է տեսնենք, թէ ինչ կարգաբերումների անհրաժեշտութիւն կայ, ընդհանրապէս կայ, թէ` չկայ, եւ ինչպէս ենք շարունակում ռազմավարութեան իրականացումը, ի հարկէ նախ եւ առաջ գնահատելով դրա այժմէականութիւնը:

Այս ընթացքում իմ դիտարկումները եւ աշխատանքը ռազմավարութեան հետ ցոյց է տալիս, որ այն իր այժմէականութիւնն ընդհանրապէս ոչ միայն չի կորցրել, այլեւ հակառակը, նոյնքան այժմէական է, որքան նրա ընդունման եւ հրապարակման պահին: Մենք այս առումով հիմա պէտք է կողմնորոշուենք մեր հետագայ անելիքների շուրջ»:

Յաջորդիւ քննարկուած են ռազմավարութեամբ նախատեսուող ծրագրերու, նպատակներու, մօտեցումներու լաւարկման, վերափոխման, ներդաշնակեցման, փաստաթուղթով նախատեսուող միջոցառումներու այժմէականութեան գնահատման, նոր բովանդակութեան մշակման վերաբերող շարք մը հարցեր: Ներկայացուած են տարբեր առաջարկութիւններ եւ դիտարկումներ:

Ամփոփելով խորհրդակցութիւնը, վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ վերոնշեալ ռազմավարութիւնը անհրաժեշտ է դիտարկել որպէս ուղենիշ. վերափոխման պատճառով այն կառավարութեան համար պէտք է դառնայ կիրառական գործիք: Գործադիրի ղեկավարը պատասխանատուներուն յանձնարարած է հետեւողականօրէն շարունակել աշխատանքները ռազմավարութեան լաւարկման շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment