Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սերժ Սարգսեան Ընդդէմ Խաչատուր Սուքիասեանի Գործով Դատարանը Կողմերէն Ապացոյցներ Պահանջեց

Սերժ Սարգսեան Ընդդէմ Խաչատուր Սուքիասեանի Գործով Դատարանը Կողմերէն Ապացոյցներ Պահանջեց

by MassisPost

Սերժ Սարգսեան ընդդէմ Խաչատուր Սուքիասեանի գործով այսօրուայ դատական նիստին, դատաւորը, ըստ օրէնքի, որոշեց կողմերէն իւրաքանչիւրին գործողութիւնները: Երրորդ նախագահին ներկայացուցիչները պէտք է ապացուցեն, որ իշխանական պատգամաւորը խորհրդարանի բարձր ամպիոնէն տուեալներ ներկայացուցած է, որոնք վնաս հասցուցած են Սերժ Սարգսեանի պատիւին ու արժանապատուութեան:

Պատասխանող կողմը, իր հերթին, պէտք է ապացուցէ, որ նախկին նախագահին մասին Խաչատուր Սուքիասեանի աղմկայարոյց յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան, ինչպէս նաեւ փաստեր բերէ, որ Սերժ Սարգսեանի մասին խօսելով «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի պատգամաւորը առաջնորդուած է հանրային շահով:

Դատաւոր Սերկէյ Սահակեան մանրամասնեց․ «Բոլորս լաւ գիտենք` «երրորդ նախագահը 100 միլիոն տոլարից աւելի քազինոներում կրուել է` նոյն Պատեն-Պատենում» արտայայտութիւնը հայցուորի վերաբերեալ ներկայացուած փաստացի տուեալ է: Այսինքն` ներկայացուածն իր մէջ պարունակում է յստակ տեղեկութիւններ որոշակի գործողութեան վերաբերեալ, այն վերացական չէ, դա մի փաստ է: Որպէս փաստի ապացուցման պարտականութիւն կրում է հայցուոր կողմը»:

Նախկին նախագահը գործարար պատգամաւորը դատի տուած է ամիսներ առաջ, երբ վերջինս խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, թէ Սարգսեանը պաշտօնավարման ընթացքին 100 միլիոն տոլարէն աւելի գումար տանուլ տուած է Պատեն-Պատենի խաղատուներուն մէջ: Սերժ Սարգսեանը հիմա այս խօսքերու հերքում եւ 1 միլիոն դրամ կը պահանջէ` իր պատիւին ու արժանապատուութեան պատճառուած վնասը հատուցելու համար:

Խաչատուր Սուքիասեանի յայտարարութենէն յետոյ «փաստերու ստուգման հարթակ»ը հետաքննութիւն կատարած էր, ըստ որուն, նախագահական ինքնաթիռը Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տասը տարիներուն շահագործուած է եւ առանց ծառայողական անհրաժեշտութեան պետական միջոցներու հաշուոյն տասնեակէ աւելի թռիչքներ կատարած է դէպի գերմանական Պատեն-Պատեն:

Սարգսեանի փաստաբան Ամրամ Մակինեանը անցեալ դատական նիստին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած էր, որ նախագահը եղած է այդ քաղաքին մէջ. օգտուելով իրեն ընձեռուած ընկերային երաշխիքներէն` իր արձակուրդը անցուցած է: Քազինոներ այցելելու մասին պնդումը հերքած է ինչպէս փաստաբանը, այնպէս ալ անձամբ Սերժ Սարգսեանը:

Այսօրուան դատական նիստին, որուն ոչ իշխանական պատգամաւորը ներկայ էր, ոչ ալ Սերժ Սարգսեանը, նախկին նախագահին փաստաբանները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին դատաւորի որոշման այն հատուածին, ըստ որուն, իրենք պէտք է ապացուցեն, որ Սուքիասեանի արտայայտութիւնը սեփական դատողութիւնը չէ: Փաստաբան Վահագն Գրիգորեանը դատարանին մէջ Սուքիասեանի արտայայտութիւնը որակեց հերքման ենթակայ:

«Ցաւալի է նաեւ այն, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորը կարծում է, որ եթէ ինչ-որ մէկը ինչ-որ բան է ինչ-որ ժամանակ ասել, նոյնը կարող է ասել նաեւ ինքը` առանց փաստարկներ իմանալու: Սակայն, ամէն դէպքում, մենք պնդում ենք, որ արտայայտութիւնն իր բնոյթով եւ առարկայականօրէն հանդիսանում է փաստացի տուեալ, գնահատողական դատողութեան մասին խօսք լինել չի կարող, ապացուցման բեռը պէտք է բաշխուի այն տրամաբանութեամբ, որ քննարկուող արտայայտութիւնը փաստացի տուեալ է», ըսաւ Գրիգորեան:

Նախկին նախագահին միւս փաստաբան Ամրամ Մակինեանը, լսելով իշխանական պատգամաւորի փաստաբանին պատասխանը, կարծիք յայտնեց, որ անոնք չեն կրնար ապացուցել իրենց պնդումները. «Պատասխանողի ներկայացուցչի խօսքից հասկացայ այնպէս, որ «մենք չենք պատրաստւում փաստարկել եւ ապացոյցներով ապացուցել դատարանին եւ կողմին ասածների ճշմարտացիութիւնը, քանի որ այդպիսի ապացոյցներ չունենք, չեն կարող ներկայացնել, կատարել ենք գնահատողական դատողութիւններ` ինչ-ինչ հանգամանքներից ելնելով»:

Իշխանական պատգամաւորը, մինչդեռ, քանի մը անգամ խօսած է այս մասին եւ ամէն անգամ պնդած, որ հիմքեր ունի: Նոյնիսկ շեշտած է` ինք աւելի քիչ գումար նշած է, որպէսզի աւելի ապացուցելի ըլլայ իր ըսածը: Անոր փաստաբան Աննա Տօնոյեանը այսօր ալ պնդեց` Սուքիասեանը փաստերու հիման վրայ իր գնահատողական դատողութիւնը կատարած է:

«Խաչատուր Սուքիասեանի արտայայտութիւնների հիմքում ընկած է եղել բաւարար փաստական կազմ, որի հիման վրայ նա արել է գնահատողական դատողութիւն»,  ըսաւ Տօնոյեան:

Այսօրուան դատական նիստը յետաձգուեցաւ, այս գործով պատասխանող է նաեւ Ազգային ժողովը, որուն ներկայացուցիչը դատարան չէր եկած: Յաջորդ նիստը 18 Մարտին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment