Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Առկայ Իրավիճակը

Փաշինեան եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Առկայ Իրավիճակը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:

Նշուած է, որ, հաշուի առնելով ՀԱՊԿ-ի Հայաստանի նախագահութիւնը, մտքեր փոխանակուած են Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքի վերաբերեալ: Ընդգծուած է խաղաղապահ զօրամասերու գործողութիւններու արդիւնաւէտ համակարգումը, ինչ որ նպաստած է Ղազախստանի իրավիճակի կանոնաւորման:

Քննարկուած  են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ առկայ իրավիճակը եւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ 2021-ի Նոյեմբեր 26-ի ընդունած յայտարարութիւններով հաստատուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ  որոշ հարցեր:

Երկու երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած են շարունակել շփումները տարբեր մակարդակներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment