Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Զերծ Մնալու Ուժի Կիրառումէն

ԵԱՀԿ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Զերծ Մնալու Ուժի Կիրառումէն

by MassisPost

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին զերծ մնալու ուժի կիրառումէն եւ բովանդակալից երկխօսութեան մէջ մտնելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վէճը լուծելու համար։ Այդ մասին «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ՝ Զպիկնեւ Ռաուի խօսնակ, ԵԱՀԿ-ի մօտ Լեհաստանի մշտական առաքելութեան երկրորդ քարտուղար՝ Պարթոշ Քեմփինսքին՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս ԵԱՀԿ նախագահութիւնը կը գնահատէ Յունուար 11-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կատարած ռազմական սադրանքն ու հրադադարի խախտումները, որոնց հետեւանքով հայկական կողմը զոհեր ունի։

«Մենք ուշադրութեամբ կը մշտադիտարկենք իրադրութիւնը Հարաւային Կովկասի։ Մենք կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին զերծ մնալու ուժի կիրառումէն եւ բովանդակալից երկխօսութեան մեջ մտնելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վէճը լուծելու համար։ Լեհաստան, որպէս ԵԱՀԿ նախագահող, մտադիր է աշխատելու գործընկերներուն հետ՝ տարածաշրջանի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման եւ կայուն զարգացման միտուած մեր ջանքերը նորացնելու եւ ամրապնդելու նպատակով։ Այդ առումով մենք պիտի աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն», – նշած է  ԵԱՀԿ գործող նախագահի խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment