Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւան Նշանեան Ազատ Կ’արձակուի. Դատարանը Զինք Պարտաւորեցուցած Է Կամաւոր Հեռանալ Յունաստանէն

Սեւան Նշանեան Ազատ Կ’արձակուի. Դատարանը Զինք Պարտաւորեցուցած Է Կամաւոր Հեռանալ Յունաստանէն

by MassisPost

Սիրոսի վարչական դատարանը որոշում հրապարակած է, որու համաձայն Սեւան Նշանեան ազատ կ’արձակուի Յունուար 7-ին։ «Արմէնփրէս»–ի հաղորդմամբ, Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացուցած է, որ ըստ որոշման ան պարտաւոր է կամաւոր հեռանալ Յունաստանէն 15 օրուայ ընթացքին։

«Քանի որ Սեւան Նիշանեանը ՀՀ քաղաքացի է, ցանկութեան դէպքում նա կարող է մեկնել Հայաստան»,- ըսուած է Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հաղորդագրութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Յունաստանի կառավարութիւնը չէ երկարաձգած Սեւան Նշանեանի՝ Յունաստանի քաղաքացիի հետ ամուսնացած ըլլալու կապակցութեամբ ձեռք բերուած կացութեան իրաւունքի ժամկէտը, որ լրացած է Դեկտեմբեր 29-ին: Նշանեան Դեկտեմբեր 30-ին ձերբակալուած էր կացութեան կարգավիճակի ժամկէտի լրանալու պատճառով: Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, 2014-ին Թուրքիոյ մէջ 17 տարուայ ազատազրկման դատապարտուած էր, բանտէն փախուստի դիմած էր 2017-ի Յուլիս 14-ին: 2017-ի Յուլիս 25-ին Նշանեան յայտնած էր, որ ապաստան ստանալու համար դիմած է Յունաստանի իշխանութիւններուն: Նշանեան Թուրքիա ձերբակալուած էր Իզմիրի Սիրինճէ գիւղի իր սեփական այգիին մէջ իբր ապօրինի շինարարութիւն կատարելու համար: Թրքական մամուլը այդ ժամանակ գրած էր, որ Սեւան Նշանեանի ձերբակալութիւնը իշխանութիւններու սարքած գործն է, քանի որ մտաւորականը բազմիցս հանդէս եկած էր թրքական կառավարութեան բացերու հրապարակային քննադատութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment