Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մշակոյթի Նախկին Նախարարին Ու Իսրայէլի Մօտ Նախկին Դեսպանին Առնչուող Քրէական Գործի Նախաքննութիւնը Աւարտած է

Մշակոյթի Նախկին Նախարարին Ու Իսրայէլի Մօտ Նախկին Դեսպանին Առնչուող Քրէական Գործի Նախաքննութիւնը Աւարտած է

by MassisPost

Երեւանի կեդրոնը գտնուող ԱՕԿՍ-ի յայտնի շէնքի գործով նախաքննութիւնը աւարտած է, յայտնած է Քննչական կոմիտէն:

Աբովեան փողոցի սկզբնամասը՝ Հանրապետութեան հրապարակէն ոչ հեռու գտնուող այս շէնքին մէջ կը գործէ «Արտասահմանեան երկիրներու հետ մշակութային համագործակցութեան» կազմակերպութիւնը։ Քննչական կոմիտէի կողմէ քննուող գործը կը վերաբերի շէնքի հողատարածքի օտարման ու սեփականաշնորհման։

Աւելի վաղ ՔԿ-ն հաղորդած էր, որ հասարակական կազմակերպութեան նախագահութեան անդամ՝ Գոռ Դաւթեան, ինչպես նաեւ նոյն ՀԿ-ի կողմէ հիմնադրուած «ԱՕԿՍ» ընկերութեան տնօրէն, ՀԿ-ի նախագահ, Իսրայէլի մօտ նախկին դեսպան՝ Արմէն Սմբատեան եւ առաջին փոխնախագահ, մշակոյթի նախկին նախարար՝ Յասմիկ Պօղոսեան, գոյքի ծագման աղբիւրն ու պատկանելիութիւնը թաքցնելու եւ խեղաթիւրելու նպատակով, կատարած են ձեւական օտարման գործարքներ եւ ՍՊԸ-ի 100 տոկոս բաժնեմասը ձեւական գործարքով օտարած են Բրիտանական Վիրժինեան կղզիները գրանցուած ընկերութեան, որու տնօրէնը հանդիսացած է Պօղոսեանի որդիին կինը՝ Ֆրանչեսքա Քութրուփին: Ան իր հերթին 100 տոկոս բաժնեմասի 50 տոկոսը վաճառած է Արմէն Սմբատեանի ընկեր Սարգիս Մարտիրոսեանին եւ Գոռ Դաւթեանի մօր:

Քրէական գործով մեղադրեալներ Արմէն Սմբատեանի եւ Գոռ Դաւթեանի մասով նախաքննութիւնը աւարտած է, եւ քրէական գործը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատախազութիւն` դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ: Իսկ միւս մեղադրեալ Յասմիկ Պօղոսեանի մասով նախաքննութիւնը կը շարունակուի, վերջինիս նկատմամբ դեռ 2020-ի Դեկտեմբերէն յայտարարուած է հետախուզում, եւ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment