Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեան Հանդիպումներ Կ’ունենայ Ուաշինկթընի Մէջ

Արմէն Գրիգորեան Հանդիպումներ Կ’ունենայ Ուաշինկթընի Մէջ

by MassisPost

grigoryan-palloneԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալի պաշտօնակատար՝ Տէրիք Հոկանի հետ հանդիպման ընթացքին Գրիգորեան քննարկած է տարածաշրջանային զարգացումները, երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարները եւ Հայաստանի տարածաշրջանային դերակատարութիւնը։

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի հայկական յանձնախումբի համանախագահ՝ Ֆրանք Փըլոնի հետ հանդիպման օրակարգին վրայ էին երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի ժողովրդավարացման գործընթացները, ուժաբանութեան ոլորտի զարգացումները, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը։

Հայաստանի ԱԽ քարտուղարի՝ ԱՄՆ այցի ծիրէն ներս «Ատլանտեան խորհուրդ» (Atlantic Council) ամերիկեան վերլուծական կեդրոնը հանդիպում կազմակերպած է փորձագիտական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Գրիգորեան ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումները տարածաշրջանի ապաշրջափակման վերաբերեալ։ Շարք մը հարցերու կարգին քննարկուած են նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment