Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Էլիզէի պալատին, Փութին ու Մաքրոն կ’աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդման քայլերուն

Ըստ Էլիզէի պալատին, Փութին ու Մաքրոն կ’աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդման քայլերուն

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերուն։ Այս մասին յայտարարած է Էլիզէի պալատը՝ երկու պետութիւններու ղեկավարներու զրոյցէն յետոյ։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան հարցը քննարկելու ընթացքին Ֆրանսայի ղեկավարը եւ նախագահ Փութին քննարկած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու (Ռուսաստան, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա) ջանքերը՝ ուղղուած վստահութեան ամրապնդման, անոնց կարգին՝ մարդասիրական ոլորտին մէջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ Էլիզէի պալատին, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի նախագահները հաստատած են, որ կ’օգտագործեն կարգավիճակն ու հեղինակութիւնը՝ հնարաւորինս շուտ նման միջոցներ ձեռնարկելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment