Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Ողջունած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներու Հանդիպումը Պրիւքսէլի Մէջ

Մոսկուան Ողջունած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներու Հանդիպումը Պրիւքսէլի Մէջ

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը Պրիւքսէլի մէջ:

«Մենք կ’ողջունենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ շփումները: Կ’ակնկալենք, որ Պրիւքսէլի հանդիպման արդիւնքները կը նպաստեն նախկին եռակողմ բանակցութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման», – յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան:

ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը ընդգծած է նաեւ, թէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացը աւելի դիւրին կ’ըլլար, եթէ զուգահեռ զարգանար Ատրպէյճանի եւ Եւրասիական Տնտեսական միութեան միջեւ երկխօսութիւնը:

Եւ մինչ Պրիւքսէլը յայտարարած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները յաջողած են երէկ համաձայնութեան հասնիլ երկաթգծի, բայց ոչ՝ ճանապարհային հաղորդակցութիւնը բացելու հարցով, պաշտօնական Մոսկուան այսօր յայտարարած է, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կը նպաստէր Ատրպէյճանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ երկխօսութիւնը եւ ընդգծած, որ այս երկխօսութեան զարգացման համար անհրաժեշտ է ԵԱՏՄ անդամ բոլոր երկիրներու համաձայնութիւնը, ակնարկելով, ի հարկէ, Հայաստանի համաձայնութիւնը:

«ԵԱՏՄ-ի հետ Ատրպէյճանի երկխօսութեան զարգացումը կը նպաստէր տարածաշրջանի փոխադրային զարկերակներու ապաշրջափակման», – նշած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը:

Զախարովան խօսած է նաեւ հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացի մասին, սակայն հրաժարած է ուղղակի պատասխան տալ՝ արդեօք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի վերջին յայտարարութիւնը՝ հայ-թրքական բանակցութիւններ սկսելու համար երկու կողմերէն յատուկ բանագնացներ նշանակելու մասին ռուսական միջնորդութեան արդի՞ւնք է։

Զախարովան պարզապէս նորէն յիշատակած է Զիւրիխը եւ Դեկտեմբեր 10-ին Մոսկուային մէջ կայացած «3+3» հարթակի անդրանիկ նիստը, նշելով, թէ այդ հարթակը նոյնպէս կը նպաստէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։

«Մենք ելլելով անկէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէր տարածաշրջանի ընդհանուր մթնոլորտի բարելաւման։ Մենք կ’ողջունենք բանակցային գործընթաց սկսելու Երեւանի եւ Անգարայի պատրաստակամութիւնը, իսկ յատուկ բանագնացներու նշանակումը, մեր կարծիքով, խելացի քայլ է, եւ մենք մեր կողմէն պատրաստ ենք այս գործընթացին ամէն կերպով աջակցիլ», – յայտարարած է Զախարովան։

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբերին Զախարովան յայտարարած էր, թէ Հայաստանը պաշտօնապէս դիմած է Ռուսաստանին՝ միջնորդելու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով՝ աւելցնելով, թէ Մոսկուան շահագրգռուած է այդ հարցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment