Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքի Բռնագանձման Գործընթացի Ծիրէն Ներս Սէյրան Օհանեան Ներկայացած Է Դատախազութիւն

Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքի Բռնագանձման Գործընթացի Ծիրէն Ներս Սէյրան Օհանեան Ներկայացած Է Դատախազութիւն

by MassisPost

Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործընթացի ծիրէն ներս պաշտպանութեան նախկին նախարար, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Սէյրան Օհանեան ներկայացած է դատախազութիւն։ Այս մասին «Ազատութիւն»ին տեղեկացուցած են գերատեսչութենէն։

«Ինչպէս գիտէք, համապատասխան ծանուցում էր հրապարակուել «Ազդարար» համակարգում՝ հրաւիրելու պարոն Օհանեանին եւ նրան փոխկապուած անձանց Գլխաւոր դատախազութիւն՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործընթացի շրջանակում իրենց վերաբերող վարոյթի նիւթերին ծանօթանալու, դիրքորոշում յայտնելու նպատակով: Ինչն ընթացքի մէջ է: Պարոն Օհանեանը հնարաւորութիւն է ունեցել գալու եւ ստանալու համապատասխան նիւթերը», – տեղեկացուց Գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան։

«Ազդարար» հրապարակային ծանուցումներու պաշտօնական կայքէջը տեղադրուած են հրաւէրներ, որոնք հասցէագրուած են նաեւ Օհանեանի կնոջ եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձերու։

Անոնց գոյքը, դատախազութեան խնդրանքով, դատարանը կալանքի տակ առած է։ Թէ ինչ գոյքի մասին է խօսքը, ծանուցագրերուն մէջ չէ նշուած։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment