Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել Եռակողմ Հանդիպումը

Պրիւքսէլի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել Եռակողմ Հանդիպումը

by MassisPost

Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը` մասնակցութեամբ Եւրոպական Խորհուրդի  նախագահ` Շառլ Միշելի հանդիպումը:

Նախքան  եռակողմ հանդիպումը, Շառլ Միշել առանձին խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Ատրպէյճանի եւ ապա Հայաստանի ղեկավարներուն հետ:

Ատրպէյճանի նախագահը եռակողմ հանդիպումէն առաջ դարձեալ  խօսեցաւ «Զանգեզուրի Միջանցքի» մասին:

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար` Եէնս Սթոլթենպըրկի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի  ժամանակ, պատասխանելով «Ազատութիւնՙ ռատիոկայանի հարցին, Ատրպէյճանի նախագահը անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցքին» յայտարարելով, թէ ան «պէտք է գործէ Լաչինի միջանցքին պէս»:

«Զանգեզուրի միջանցքի» բացման մասին կէտը նախատեսուած է Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեամբ: Այդպիսով, սա պարտաւորութիւն է Հայաստանի համար»,- յայտարարեց Ալիեւ‘ շարունակելով. «Եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ բացայայտ ըսուած է, որ Ատրպէյճան կ’ապահովէ անվտանգութիւն  եւ  մուտք դէպի Լաչինի միջանցք: Հայաստանը պէտք է մեզի նոյն անարգել մուտքը տայ դէպի Զանգեզուրի միջանցք: Այսօր Լաչինի միջանցքը չկան մաքսակէտեր: Նոյնը պէտք է ըլլայ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքը: Եթէ Հայաստանը պնդէ, որ մաքսակէտեր ստեղծելու համար վերահսկել ապրանքներու եւ քաղաքացիներու տեղաշարժը «Զանգեզուրի միջանցքով», ապա այն ժամանակ մենք պիտի պնդենք Լաչինի միջանցքի մէջ նոյն պայմանները: Սա տրամաբանական է»:

Ատրպէյճանի նախագահը նշած է, որ «պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է կառուցելու ճանապարհներ դէպի Նախիջեւան»: «Բայց ճշգրիտ երթուղին, ճանապարհը դեռ որոշուած չէ, սա ապագայ բանակցութիւններու հարց է: Այսօր եռակողմ հանդիպման մենք անպայման կը քննարկենք այդ հարցը»,- աւելցուցած է Իլհամ Ալիեւ:

«Զանգեզուրի միջանցքը» միջանցք է ոչ միայն մեզի համար: Ատրպէյճանը մուտք կը ստանայ դէպի Նախիջեւան: Ան անհրաժեշտ է նաեւ Հայաստանին Իրանի եւ Ռուսաստանի հետ Ատրպէյճանի տարածքով երկաթուղային հաղորդակցութեան համար: Այնպէս որ, այդ իսկապէս դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ», – պնդած է Ատրպէյճանի ղեկավարը:

«Ատրպէյճանը փորձում է փակուղի մտցնել տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների բացման հարցը», – դիմատետրեան գրառումով արձագանգեց Հայաստանի վարչապետը‘ շարունակելով. «Ատրպէյճանի նախագահի փորձերը տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների բացումը զուգահեռել Լաչինի միջանցքի հետ` որեւէ աղերս չունի մինչ օրս այդ թեմայով տեղի ունեցած քննարկումների, ստորագրուած յայտարարութիւնների հետ եւ անընդունելի է Հայաստանի համար»:

Փաշինեան ընդգծած է, որ այս դիրքորոշումը յստակ կ’արտայայտէ կայանալիք եռակողմ հանդիպման ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment