Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հաագայի Դատարանը Ատրպէյճանէն Պահանջեց Կանխել Ատելութեան Հրահրումը Հայերու Դէմ

Հաագայի Դատարանը Ատրպէյճանէն Պահանջեց Կանխել Ատելութեան Հրահրումը Հայերու Դէմ

by MassisPost

Դեկտեմբեր 7-ին, Հաագայի մէջ գործող ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը ներկայացուց իր որոշումները Ատրպէյճանի դէմ հրատապ միջոց կիրառելու Հայաստանի դիմումի վերաբերեալ եւ Ատրպէյտանի կողմէ Հայաստանի դէմ դիմումի վերաբերեալ:

Հայաստանի կողմէ ներկայացուած դիմումի պահանջներէն մէկը գերիներու ազատ արձակումն էր:

Թէեւ դատարանը նշեց, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը կը սահմանէ, որ որեւէ պետութեան կողմէ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ գերեվարուած անձեր պէտք է ազատ արձակուին, այնուամենայնիւ չհամարեց, որ գերիները կամ պահուող միւս անձերը պէտք է վերադարձուին, քանի որ Հայաստանը չէ ներկայացուցած ապացոյցներ, որ անոնք կը պահուին Ատրպէյճան` իրենց ազգութեան կամ ցեղային խտրականութեան հիմքով:

Հայաստանը ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Ատրպէյճանն ընդդէմ Հայաստանի գործերը դատարանը կը քննէ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու բացառման միջազգային համաձայնագրի ծիրէն ներս:

Հաագայի դատարանը, սակայն, շեշտեց, որ Ատրպէյճան պահուող անձերը պէտք չէ ենթարկուին անմարդկային կամ ստորացուցիչ վերաբերմունքի իրենց ազգային պատկանելութեան պատճառով, եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճան պահուող բոլոր մարդիկ պէտք է պաշտպանուած ըլլան բռնութենէ եւ մարմնական վնասուածքներէ:

Դատարանը պարտաւորեց Ատրպէյճանին նաեւ ձեռնարկել բոլոր միջոցները, կանխելու եւ պատժելու վանդալիզմի դրսեւորումները հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ, ներառեալ` պաշտամունքի վայրերու, գերեզմանատուներու եւ այլն: Ինչպէս նաեւ եզրակացուց, որ Պաքուն պէտք է կանխէ ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումն ու նպաստումը, ներառեալ պաշտօնեաներու եւ հանրային հիմնարկներու կողմէն, որոնք թիրախ կը դարձնեն ծագումով հայերը:

Փոքր ընդմիջումէ յետոյ Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը հրապարակեց նաեւ իր որոշումը Ատրպէյճանի դիմումի վերաբերեալ:

Պաքուն պնդած էր, որ նոյնիսկ պատերազմէն յետոյ Հայաստանը կը կանխէ ատրպէյճանցիներու վերադարձը իրենց նախկին բնակավայրեր, քանի որ ականապատած է տարածքները եւ չի տրամադրեր անհրաժեշտ քարտէզները ականազերծման համար:
Դատարանը չի համարեր, որ Հայաստանը պարտաւոր է ձեռնարկել քայլեր‘ աջակցելու Ատրպէյճանին կատարելու ականազերծում, ինչպէս նաեւ ցեղային խտրականութեան վերացման յանձնաժողովը պէտք չէ քայլեր իրագործէ, որ Հայաստան այլեւս չտեղադրէ ականներ:

Հայաստանի վերաբերեալ դատարանը որոշեց. «Հայաստանը իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան պէտք է բոլոր միջոցները ձեռնարկէ` կանխելու ցեղային ատելութեան հրահրումն ու տարածումը, անոնց կարգին‘ իր տարածքին վրայ գործող կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ` ուղղուած ցեղային ատրպէյճանցիներուն դէմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment