Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւան ՀՀ Ինքնիշխանութեան Նկատմամբ Սպառնալիք Կը Որակէ Ալիեւի Յայտարարութիւնը

Երեւան ՀՀ Ինքնիշխանութեան Նկատմամբ Սպառնալիք Կը Որակէ Ալիեւի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւան «սադրիչ, ապակառուցողական հռետորաբանութիւն» եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան նկատմամբ սպառնալիք որակած է Ատրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւնը։ Դեկտեմբեր 6-ին, Ղուպայի շրջանի մէջ գիւղացիներուն հետ հանդիպման ժամանակ Իլհամ Ալիեւ պահանջած էր, որպէսզի Հայաստանը «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման ժամկէտը հրապարակէ, եւ յիշեցուցած էր 44-օրեայ պատերազմէն առաջ իր յայտարարութիւնները:

«Ես կը պահանջէի, որ մեզի ներկայացնեն մեր հողերու ազատագրման օրը, եւ այն ատեն միայն կանգ կառնենք։ Նոյնը կ’ըսեմ հիմա. յայտարարեցէք, թէ երբ պիտի բացուի Զանգեզուրի միջանցքը, եւ խնդիրներ չեն ըլլար», – ըսած է Ալիեւ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յղում ըրած է մինչ այդ ստորագրուած եռակողմ երեք փաստաթուղթերուն ու շեշտած, որ անոնց մէջ Հայաստանը Ատրպէյճանին «միջանցք, միջանցքային տրամաբանութեան ուղի տրամադրելու որեւէ պարտաւորութիւն, պայման, պայմանաւորուածութիւն չունի»:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնն անվտանգային ոլորտում իր հիմնական գործընկեր Ռուսաստանի Դաշնութեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահող երկրների եւ ողջ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրում է այն փաստի վրայ, որ պաշտօնական Պաքուն շարունակում է ռազմաշունչ յայտարարութիւններով ուժի կիրառման յստակ սպառնալիքներ հնչեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ՝ խախտելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, այդ թւում` ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ վտանգելով տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութիւնը», – յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment