Հայաստան Հիմնադրամի Գոհաբանութեան Օրուայ 24րդ տարեկան Միջազգային Թելեթոնը ի մի բերաւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, կոչ ուղղելով շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերել հայրենիքի վերականգնման, միաժամանակ հաշուետուութիւն ներկայացնելով անցեալ 12 ամիսներուն իրականացուած ծրագիրներու մասին։
«Վերակառուցել հայրենիքի հեռաւոր համայնքները» նշանաբանով, Թելեթոնը օժանդակութիւն ապահովեց 44օրեայ պատերազմէն տուժած Հայաստանեան ու Արցախեան բազմաթիւ համայնքներու, ներառեալ մօտ 100,000 տեղահանուած ու բռնագաղթուած անձերու համար։ Թելեթոնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 25ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Չորս-ժամեայ ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան համայնքային ղեկավարներ եւ դպրոցներու ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, եւ սփռուեցան կարճ վաւերագրականներ՝ ամբողջացուած ծրագիրներու, հայրենիքի մարդասիրական շարունակուող կարիքներուն, ու զանոնք հոգալու կոչուած նոր ծրագիրներու մասին։
Մինչեւ Թելեթոնի աւարտը, $12,351,000 հաւաքուած էր հայրենիքի օժանդակութեան համար։ Այս գումարը կը ներկայացնէ 2021ի ընթացքին միջազգայնօրէն հաւաքուած ընդհանուր գումարը՝ Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսայի, Քանատայի, եւ աշխարհի տարածքին այլ հայկական համայնքներու մէջ։
Հայաստան Հիմնադրամը կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ընդունիլ։ Ապահով նուիրատուութիւն մը կատարելու համար, սեղմեցէք հետեւեալ յղումը՝ armeniafund.org/donate։ Հայաստան Հիմնադրամին կողմէ հայրենիքին յատկացուող օժանդակութիւնը կ՚ընդգրկէ մարդասիրական հրատապ օգնութիւն, բնակարաններու կառուցում, բժշկական ամբողջական օժանդակութիւն, ենթակառոյցներու նորոգում ու զարգացում, եւ մշակութային վերականգնումի ծրագիրներ, ներառեալ՝ տեղահանուած համայնքներու համար դպրոցաշինութիւն եւ արուեստներու դասաւանդում։
«Աշհարհասփիւռ հայ համայնքին կողմէ ցուցաբերուած միասնականութեան ոգին իսկապէս ոգեւորիչ է», յայտնեց Հայաստան Հիմնադրամի հոգաբարձութեան ատենապետ Մարիա Մեհրանեան Թելեթոնի աւարտին։ Ան աւելցուց՝ «Հայոց նորագոյն պատմութեան այս ամենադժուար պահին Հայաստան Հիմնադրամի Թելեթոնը կենսական նեցուկ կ՚ապահովէ Հայաստանի եւ Արվախի համար»: