Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի» Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Լոս Անճելըսահայ Մամուլին Հետ

«Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի» Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Լոս Անճելըսահայ Մամուլին Հետ

by MassisPost

Այս օրերուն Միացեալ Նահանգներու տարբեր Հայաշատ քաղաքները կ’այցելեն «Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի» ներկայացուցիչները, ծանօթացնելու համար իրենց կատարած աշխատանքներու մասին` յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի լոյսի տակ:

Լոս Անճելըս ժամանման առթիւ «Հիմնադրամի» պատասխանատուներ Տաթեւիկ Եաղճեան, Նարինէ Գալստեան եւ Սոնա Պաղտասարեան Լոս Անճելըսի ՀՀ հիւպատոսարանէն ներս հանդիպում ունեցան Հայկական  գլխաւոր թերթերու խմբագիրներուն մասնակցութեամբ:

Ասուլիսի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեցան «Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի» գործունէութեան եւ ծրագիրներու մասին:

«Հիմնադրամը» ստեղծուած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի հաստատած օրէնքով` 2016 թուականի քառօրեայ պատերազմէն ետք, սակայն ան կը ղեկավարուի անկախ հոգաբարձական մարմինի մը կողմէ: Ըստ օրէնքի իւրաքանչիւր պաշտօնեայի աշխատավարձերէն 1000 դրամ կը փոխանցուի հիմնադրամին: Վերջին պատերազմէն ետք այդ 1000 դրամը բարձրացած է`  ըստ աշխատավարձի չափի:

Հիմնադրամի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին որ,  4582 շահառուներու, որոնց 4165-ը արձանագրուած են   44-օրեայ պատերազմէն յետոյ,  հատուցում տրամադրուած է շուրջ 109,000,000 Ամերիկեան տոլար: Շահառուներու 86%-ը (3948) զոհուած հերոսներ են, 2%-ը (76)` անյայտ բացակայողներ, 12%-ը (558)` առաջին  կամ երկրորդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցողներ:

Զոհուածներու ընտանիքներուն անմիջապէս կը տրուի 20  հազար տոլար, իսկ վիրաւորներուն` ամսական գումար` ըստ հաշմանդամութեան աստիճանին:

Իը հիմնադրութենէն ասդին Հիմնադրամը ստացած է շուրջ 23 միլիոն Ամերիկեան տոլար նուիրատուութիւն, որու 70%-ը ստացած է Հայաստանէն, մնացածը` աշխարհի աւելի քան 70  երկիրներէն: Այդ նուիրատուութիւններու մեծ մասը, բնականաբար հաւաքուած է  Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին եւ անկէ յետոյ: Մնացած գումարները կը գոյանան Հայաստանի եւ Արցախի բնակիչներու աշխատավարձներու պարտադիր վճարներէն:

«Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի» ներկայացուցիչները կոչ կ’ընեն սփիւռքահայութեան` բերելու իրենց մասնակցութիւնը այս սրբազան նպատակին` փոքր կամ մեծ նուիրատուութիւններով:

Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Հիմնադրամի գործունէութեան եւ հաշուետուութեան կարելի է այցելել 1000plus.am կայքէջը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment