Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընտրուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընտրուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

by MassisPost

Նոյեմբեր 17-ին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանի ընթացքին կայացած ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի (ԳԽ) անդամ՝ 2021-2025 թուականներու ժամանակաշրջանին համար։

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ Արեւելաեւրոպական երկիրներու տարածաշրջանային խումբին Գործադիր խորհուրդի ընտրութիւններուն յատկացուած երեք թափուր տեղերուն համար ներկայացուած էին չորս երկիրներու՝ Հայաստանի, Լիթուանիոյ, Ուքրանիոյ եւ Ատրպէյճանի թեկնածութիւնները:

Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Հայաստանը, ստանալով առաւելագոյն 146 ձայն, առաջին տեղով ընտրուեցաւ Գործադիր խորհուրդի կազմին մէջ։

Հայաստանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի անդամ ընտրուած է առաջին անգամ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին 1992-ի իր անդամակցութենէն ի վեր։ ԳԽ-ին իր անդամակցութեան ծիրէն ներս Հայաստանը ջանքեր պիտի գործադրէ իր յանձնառութիւններն ու առաջնահերթութիւնները իրագործելու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս՝ աջակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծրագիրներու իրագործման, բոլորին համար որակեալ կրթութեան հասանելիութեան ապահովման ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ու պահպանման։

Տեղեկութիւն.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդը բաղկացած է 58 անդամ երկիրներէն եւ իր նշանակութեամբ կազմակերպութեան երկրորդ կարեւորագոյն մարմինն է Ընդհանուր համաժողովէն յետոյ։ Գործադիր խորհուրդի նիստերը կը գումարուին տարին երկու անգամ եւ վերջինիս հիմնական գործառոյթն է Ընդհանուր համաժողովի կողմէ ընդունուած որոշումներու պատշաճ իրագործման ապահովումը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment