Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատերազմը Չէ Աւարտած Տակաւին

Պատերազմը Չէ Աւարտած Տակաւին

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմի աւարտէն տարի  մը ետք պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, այս անգամ տեղափոխուելով Հայաստանի տարածք, ուր թշնամին կը մղէ «սպառումի պատերազմ»` ռազմական ու հոգեբանական առաւելագոյն ճնշում բանեցնելու միջոցաւ օրակարգ վերադարձնելու համար «Զանգեզուրի Միջանցքի» իր պահանջը, յատկապէս  այն բանէն ետք, երբ Ռուսաստան արտայայտուեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման եւ ճանապարհներու բացման Հայկական կողմի տեսակէտներուն հետ, որ այդ միջոցները պէտք է մնան իւրաքանչիւր պետութեան ինքնիշխանութեան տակ:

Այլեւս  յստակ է որ, միջանցքի հարցը ոչ միայն Պաքուի պահանջեն է, այլ առաւել եւս Թուրքիոյ: Իսկ Ալիեւ չի կրնար մերժել իր մեծ եղբօր` Էրտողանի պայմանները, նկատի առնելով որ, անոր կը պարտի Արցախեան վերջին պատերազմի յաղթանակը:

Անցեալ շաբաթ, Պոլսոյ մէջ կայացած թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան համաժողովի ընթացքին Ազերի եւ Թուրք ղեկավարները փորձած են միջանցքի գաղափարը «ծախել» նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան թրքալեզու երկիրներուն, որպէս այդ աշխարհը իրար կապող միջոց: Իսկ, այդ երկիրները իր հովանիին տակ առնելու գաղափարը եղած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ասդին, սակայն առանց հասնելու մեծ յաջողութիւններու` այդ երկիրներու զգուշաւոր վերաբերմունքին պատճառաւ:

Յստակ է որ, լայնածաւալ պատերազմէն տարի մը ետք Հայկական բանակը տակաւին չէ կարողացած ամրապնդել սահմանային իր նոր դիրքերը, որոնց կառուցումը եւ սպասարկումը կը կարօտի աւելի երկար ժամանակի` նաեւ լեռնային պայմաններուն պատճառաւ: Ատրպէյճան օգտագործելով առիթը կը շարունակէ ներթափանցել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս ու պիտի շարունակէ այդպէս վարուիլ մինչեւ այն ատեն որ, զինք զսպող ու ետ մղող ուժ մը չկայ:

Հայաստան դիմած է Ռուսաստանին որպէսզի ան կատարէ 1997-ին, երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած պայմանագրով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: «Բազմաթիւ անգամ ընդհանրապէս խօսուել է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը հանդիսանում է կարմիր գիծ Ռուսաստանի Դաշնութեան համար, եւ Մայիսի 12-ից սկսած ատրպէյճանցիները խախտել են այդ կարմիր գիծը: Այս առումով մենք մեր դաշնակցին դիմում ենք, որպէսզի մենք կարողանանք մեր դաշնակցային պարտաւորութիւնների շրջանակներում վերականգնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը», յայտարարեց ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար` Արմէն Գրիգորեան:

Ինչպէս նախորդ ներթափանցումներէն ետք, այս անգամ եւս Մոսկուա կը շարունակէ վարել լուռ քաղաքականութիւն` շեշտը դնելով իր միջնորդութեան վրայ: Սակայն, Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը կ՛ակնկալեն յստակ ու գործնական քայլեր, որոնք սակայն կ՛ուշանան վերջին տարիներուն Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ վարած քաղաքականութեան պատճառաւ:

Այս բոլորի լոյսին տակ կարելի  է անվարան ըսել, որ 44-օրեայ պատերազմը չէ աւարտած տակաւին, պարզապէս փոխուած է պատերազմի ձեւն ու եղանակը, երբ Ատրպէյճան կը փորձէ «մաշեցնել» հայկական կողմին ու այդպիսով հասնիլ իր նպատակներուն: Այս իրավիճակը կրնայ շարունակուիլ տակաւին երկար ժամանակ մինչեւ որ, արտաքին միջամտութիւններ պարտադրեն Ալիեւին` հեռու մնալու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններէն: Այլապէս, պէտք է սպասել որ Հայկական բանակը վերազինուի, վերահաստատուի ու բարձրացնէ իր դիմադրողական կարողութիւնները ու իր միջոցներով կասեցնէ թշնամիին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment