Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժամանակն է Ընդունիլ Ատրպէյճանին Ռազմական Օգնութիւնը Դադրեցնելու Իմ Առաջարկը. Մենենտես

Ժամանակն է Ընդունիլ Ատրպէյճանին Ռազմական Օգնութիւնը Դադրեցնելու Իմ Առաջարկը. Մենենտես

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ Պապ Մենենտես մտահոգիչ համարած  է հաղորդագրութիւնները Նոյեմբեր 16-ին Հայաստանի արեւելեան սահմանին դէմ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով հայ զինծառայողներու զոհուելու եւ գերեվարուելու մասին: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Մենենտեսի յայտարարութիւնը տարածած է ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի «Թուիթըր»-ի էջը:

Մենենտես ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը կ’օգնէ հնարաւոր դարձնելու հայերու դէմ ուղղուած հրեշաւոր գործողութիւնները: «Ժամանակն է ընդունիլ իմ առաջարկած փոփոխութիւնը այդ օգնութիւնը դադրեցնելու մասին»,- նշած է Մենենտեսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment