Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան Խումբի Շրջանակներուն Մէջ Քննարկած Է Եռակողմ Յայտարարութեան Պարտաւորութիւններու Կատարման Ընթացքը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան Խումբի Շրջանակներուն Մէջ Քննարկած Է Եռակողմ Յայտարարութեան Պարտաւորութիւններու Կատարման Ընթացքը

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Էնտրիւ Շոֆըրը (ԱՄՆ), Իկոր Խովաեւը (Ռուսաստան) եւ Պրիս Ռոքֆէյը (Ֆրանսա) յայտարարութեամբ անդրադարձած են Նոյեմբեր 11-ի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ կայացած հանդիպման:

Համանախագահները Փարիզի մէջ առանձին հանդիպած են Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Անոնք շարունակած են Նիու Եորքի մէջ սկսած քննարկումները ապամագլցման միջոցներու եւ այդ գործընթացին հետագայ քայլերու վերաբերեալ, ներառեալ՝ այս ձեւաչափով ապագայ հանդիպումները եւ համանախագահներու առաջարկած այցը տարածաշրջան։

Համանախագահները եւ նախարարները քննարկած են նաեւ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։

Համանախագահները վերահաստատած են մարդիսարական հարցերուն մէջ առաջընթացի հասնելու կարեւորութիւնը, ներառեալ ականազերծման, անհետ կորածներու, պահուող անձերու, տեղահանուածներու կամաւոր վերադարձի եւ պատմական ու մշակութային վայրերու պաշտպանութեան հարցերը` կողմերուն կոչ ընելով ապահովելու միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու անխոչընդոտ մուտքը։ Համանախագահները նաեւ ընդգծած են սադրիչ հռետորաբանութենէն եւ սադրիչ գործողութիւններէն խուսափելու կարեւորութիւնը։

Յիշեցնենք, որ հանդիպումը կայացած էր Փարիզի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի հիւրընկալութեամբ: Երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր համաժողովի նստաշրջանին։ Առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպած էին պատերազմէն մէկ տարի անց՝ Սեպտեմբերի վերջը Նիու Եորքի մէջ եւ պայմանաւորուած նորէն հանդիպիլ։

Երեւանն ու Պաքուն հակիրճ մանրամասնութիւններ չէին հաղորդած նախարարներու հանդիպումի մասին։

Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը միայն տեղեկացուցած է, որ Արարատ Միրզոյեանը արտայայտած է հայկական կողմի դիրքորոշումը` լիարժէքօրէն վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով։ Իսկ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարութիւնը նշած է, որ կողմերը մտքեր փոխանակած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցերու շուրջ՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանային նոր իրողութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment