Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Չմտաւ Ատրպէյճանի՝ Միջանցքային Տրամաբանութեան Մէջ. Ռուբէն Ռուբինեան

Հայաստանը Չմտաւ Ատրպէյճանի՝ Միջանցքային Տրամաբանութեան Մէջ. Ռուբէն Ռուբինեան

by MassisPost

«Հայաստանը չմտաւ Ատրպէյճանի՝ միջանցքային տրամաբանութեան մէջ», «Ազատութիւն»ի «Հարցազրոյց Կարլեն Ասլանեանի հետ» հաղորդման ժամանակ ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեանը՝ անդրադառնալով Գորիս-Կապան ճանապարհի 21 քիլոմեթրնոց հատուածին Ատրպէյճանի տեղադրած անցակէտին։
Ռուբինեան ընդգծեց՝ «դա այն է, ինչ ուզում է Հայաստանը, Հայաստանի ուզածն է եղել միշտ եւ շարունակում է լինել»։

«Ատրպէյճանն այս ընթացքում յաճախ փորձել է տարբեր քննարկումներում ներկայացնել, թէ իբր Գորիս-Կապան ճանապարհի այդ 21 քիլոմեթրանոց հատուածը մեծ հաշուով իրենց տուած ճանապարհն է, կամ իրենց տուած միջանցքն է, որի դիմաց իրենք ուզում են ստանալ այսպէս կոչուած միջանցք, եւ թերեւս վերջին զարգացումների եւ հաստատումների արդիւնքն է նաեւ, որ Ատրպէյճանը գնաց այսպիսի որոշման, ինչը, բնականաբար, որոշակի դժուարութիւններ առաջացնում է», – ըսաւ ԱԺ-ի փոխնախագահը՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի այս որոշոմը Հայաստանի համար անակնկալ չէր՝ Հայաստանը պատրաստ էր նման զարգացումներու։

Ատրպէյճանի այս որոշմամբ որեւէ բնակավայր շրջափակման մէջ չէ յայտնուած եւ չի ալ յայտնուիր, այլընտրանքային ճանապարհը ե՛ւ ուղեւորներու, ե՛ւ բեռնատարներու համար անցանելի է եւ անցանելի պիտի ըլլայ, ըսաւ ԱԺ փոխնախագահը՝ շեշտելով, որ վերջնականապէս կը հաստատուի, որ Ատրպէյճանը չէ յաջողած եւ չի յաջողիր ալ որեւէ միջանցքային տրամաբանութիւն ներմուծել տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման քննարկումներուն եւ գործողութիւններուն մէջ։

Հարցին, թէ ի՞նչ ձեւաչափով այդ հարցը որոշուած է եւ ինչ-որ հարթակով մը քննարկո՞ւմ եղած է, որ պէտք է այդ մաքսակէտը տեղադրուի, Ռուբինեան պատասխանեց, որ այդ փոխհամաձայնութեան արդիւնք չէ։

Դիտարկման, թէ չքննարկելու դիմաց Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կրնան վաղն ալ այլ սակարկելու թեմա ունենալ, ԱԺ փոխնապագահը արձագանգեց․ – «Այստեղ սակարկման խնդիր չկայ, վերջին իրադարձութիւնների շուրջ, որեւէ քննարկում չի եղել։ Ես ասում եմ շատ պարզ բան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տրամաբանութիւնն է եղել եւ տրամաբանութիւնն է, որ բոլոր ճանապարհները, որոնք անցնելու են Հայաստանով եւ Ատրպէյճանով, պէտք է լինեն համապատասխանաբար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ ամբողջական վերահսկողութեան ներքոյ, եւ այդտեղ պէտք է տեղի ունենայ վարչարարութիւն համապատասխանաբար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմից, սա մեր տրամաբանութիւնն է, մեր տրամաբանութիւնը չէ՛ միջանցաքային տրամաբանութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment