Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն կը Դատապարտէ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Այցը Արցախ

Պաքուն կը Դատապարտէ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Այցը Արցախ

by MassisPost

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը Նոյեմբեր 9-ին դատապարտած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի աշխատանքային այցը Արցախ:

Նոյեմբեր 6-ին Արցախ մեկնած Արշակ Կարապետեանը Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած էր Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ղեկավար կազմի հետ աշխատանքային խորհրդակցութեան, այցելած էր մարտական յենակէտեր, հանդիպած մարտական հերթապահութիւն կատարող զինծառայողներուն հետ եւ ծանօթացած դիրքերու ամրաշինական աշխատանքներուն։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առիթով տարածած յայտարարութեան մէջ սադրանք որակած է նախարարի այցը եռակողմ համաձայնագրի տարելիցի նախօրէին: «Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, կոպտօրէն խախտելով եռակողմ համաձայնագրի դրոյթները, նպատակ ունի ապակայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ ստուերել ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանի ռազմական ղեկավարութիւնը կը մեղադրէ 44-օրեայ պատերազմին կրած պարտութենէն դասեր քաղելու, տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակին յարմարուելու, խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ամրապնդելու փոխարէն՝ «աժան արկածախնդրութեան դիմելու համար»։ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը նաեւ զգուշացուցած է Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, թէ «Ատրպէյճանի տարածք նման անօրինական այցերու կրկնութեան պարագային կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ միջոցներ՝ յարձակողական անջատողականութիւնը եւ ահաբեկչական գործողութիւնները կանխելու ուղղութեամբ՝ Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան համաձայն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment