Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շուշիի Մօտ Ատրպէյճանցիները Կրակած Են Քաղաքացիներու Վրայ. Կայ Մէկ Զոհ. ԱԱԾ

Շուշիի Մօտ Ատրպէյճանցիները Կրակած Են Քաղաքացիներու Վրայ. Կայ Մէկ Զոհ. ԱԱԾ

by MassisPost

«Շուշիի մօտ մէկ հոգի զոհուել է, երեքը վիրաւորուել են». ըստ Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) քաղաքի մօտակայ խաչմերուկին վրայ Նոյեմբեր 8-ին ատրպէյճանական կողմէ կրակոցներ արձակուած են տուեալ վայրը ջրատար խողովակներու վրայ աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձերուն վրայ:

Անոնք փոխադրուած են Ստեփանակերտի հիւանդանոց: Երեք վիրաւորներուն կը ցուցաբերուի բժշկական օգնութիւն, հաղորդած է Արցախի ԱԱԾ-ն:

Դէպքի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ, իրաւապահ կառոյցները կը կատարեն օփերաթիւ-հետախուզական եւ քրէադատավարական միջոցառումներ:

Ատրպէյճանական կողմէ դեռ որեւէ արձագանգ չկայ:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 9-ին Մարտակերտի յարակից տարածքը գտնուող նռան այգին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիպուկահարի կրակոցէն զոհուած էր քաղաքի 55-ամեայ բնակիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment