Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Covid-ի Դէմ Պատուաստի Առաջին Դեղաչափը Ստացած Է Չափահաս Բնակչութեան Մօտ 30 Տոկոսը

Հայաստանի Մէջ Covid-ի Դէմ Պատուաստի Առաջին Դեղաչափը Ստացած Է Չափահաս Բնակչութեան Մօտ 30 Տոկոսը

by MassisPost

«Հայաստանում Covid-ի դէմ պատուաստանիւթի առաջին դեղաչափը ստացել է չափահաս բնակչութեան մօտ 30 տոկոսը»։ Այս մասին յայտնեց խորհրդարանէն ներս յաջորդ տարուայ պիւտճէի նախագիծի քննարկման մասնակցող առողջապահութեան նախարար՝ Անահիտ Աւանէսեան։

Նոյեմբեր 7-ի դրութեամբ կատարուած է մօտ 900 հազար պատուաստում: Առաջին դեղաչափ ստացած քաղաքացիներու թիւը աւելի քան 600 հազար է: Երկրորդ դեղաչափ ստացածներունը՝ շուրջ 300 հազար։ Առաջին եւ երկրորդ դեղաչափերու միջեւ մեծ տարբերութիւնը պայմանաւորուած է անով, որ պատուաստումներու ընթացքի մեծացումը հիմնականին տեղի ունեցած է վերջին 1 ամսուայ ընթացքին՝ այսինքն կառավարութեան կիրառած խստացումներէն յետոյ։ Ներկայիս օրական կը գրանցուի միջինը 18-19 հազար պատուաստման ցուցանիշ:

Աւանէսեան պնդեց, որ յետպատուաստումային բարդութեան որեւէ նշանակալի դէպք չէ գրանցուած, միեւնոյն ժամանակ հաստատեց, որ եղած են դէպքեր, երբ պատուաստուած ըլլալու պարագային ալ մարդիկ մահացած են քովիտէն։

«Երբ որ գրանցուի մահուան դէպք եւ պարզուի, որ այդ անձը պատուաստման վկայագիր ձեռք բերած է առանց պատուաստուելու որեւէ յետդարձային միջոց պարզելու՝ արդեօք նա իրականում պատուաստուած էր, թէ ոչ, ցաւօք, չունենք, եւ դա անդրադառնալու է նաեւ պատուաստումների նկատմամբ որոշակի վստահութեան հարց առաջանալուն: Իրաւապահ մարմինները պէտք է խստօրէն շարունակական զբաղուեն խախտման դէպքերը բացայայտելով, ունեցել ենք դէպքեր, որոնք որ պատուաստուած լինելու հանգամանքն անգամ առկայ լինելու պարագայում, ցաւօք սրտի, քովիտից մահացել են: Առաջիկայում այդ տեղեկատուութիւնը եւս կը հրապարակուի», – ընդգծեց Աւանէսեանը:

Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ կը շարունակուի առկայ ուսուցումը, սակայն այն դպրոցները, ուր տեղի կ’ունենան տեղական բռնկումներ, կ’անցնին հեռավար ուսուցման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment