Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Ոչ Մի Քննարկում Այսպէս Կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցքի» Շուրջ

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Ոչ Մի Քննարկում Այսպէս Կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցքի» Շուրջ

by MassisPost

Ռուսաստանը նպատակ չունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ շփման բացառիկ իրաւունք ձեռք բերել. այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման մէկամեակի առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

«Ռուսական կողմը չի յաւակնիր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ շփման մէջ մենաշնորհի, թէեւ այդ երկիրներու եւ ժողովուրդներու հետ մեզ կը կապէ երկար եւ սերտ բարեկամութիւնը, լայնածաւալ գործընկերութիւնը։ Մենք հանդէս կու գանք միջազգային հանրութեան առկայ ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման օգտին՝ համարժէք հաշուի առնելով տարածաշրջանային փոխուած իրողութիւնները», կ’ըսուի փաստաթուղթին մէջ:

Դիւանագիտական ծառայութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ եռակողմ յայտարարութեան ընդունումէն մէկ տարի անց կարելի է հանգիստ հերքել ընկերային ցանցերու եւ համացանցային աղբիւրներու մէջ տեղեկատուական լցոնումները առ այն, որ «Ռուսաստանի խաղաղապահ ջանքերը ուղղուած էին Լեռնային Ղարաբաղը անջատելուն, Ատրպէյճանին յանձնելուն, Հայաստանը «փրոթեքթորաթի» վերածելուն»:

«Նման յայտարարութիւնները կը կրեն փոփուլիսթական բնոյթ, կը կատարեն ակնյայտ արտաքին պատուէր եւ իրականութեան հետ կապ չունին», նշած են Ռուսիոյ ԱԳՆ-էն։

Ինչպէս նշած են նախարարութեան մէջ, Մոսկուայի նախաձեռնած բոլոր եռակողմ փաստաթուղթերն ու մեխանիզմները պարտադրուած չեն եղած կողմերուն, այլ հիմնուած են շահերու ստուգուած հաւասարակշռութեան վրայ, որ կը նախատեսէ չափազանց յարգալից վերաբերմունք Պաքուի եւ Երեւանի ինքնիշխանութեան եւ շահերուն նկատմամբ։

«Մենք չենք կրցած համաձայնութեան գալ մեր շարք մը նախաձեռնութիւններուն շուրջ, եւ այդ բնական է: Բայց արդէն իսկ հաստատուած համաձայնութիւնը, ձեռք բերուած է տառապանքով եւ արդիւնաւէտօրէն կ’իրականացուի գործնականին մէջ», ընդգծած են դիւանագիտական գերատեսչութեան մէջ:

 Հայ-ատրպէյճանական սահմանի որոշման բանակցութիւններու մեկնարկի մասին

Ռուսաստանը պատրաստ է աջակցելու հայ-ատրպէյճանական սահմանի որոշման շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկին՝ անոր հետագայ սահմանազատման համար, կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

«2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է կարեւոր դրոյթ՝ տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակում։ <…> Մենք կը կարծենք, որ խնդիրի երկարաժամկէտ լուծումը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի մեկնարկն է` անոր յաջորդելիք սահմանագծմամբ։ Ռուսաստանը պատրաստ է անհրաժեշտ խորհրդատուական օգնութիւն ցուցաբերելու, կողմերու խնդրանքով տրամադրելու անհրաժեշտ քարտէզագրական նիւթեր, կիսելու սահմանազատման իր հարուստ փորձը այլ երկիրներու հետ», նշած են Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի մէջ։

Ռուս սահմանապահները ներկայ են սահմանի ամենախնդրայարոյց հատուածներուն մէջ՝ կանխելու եւ ճնշելու հակամարտային իրավիճակները եւ կարգաւորելու միջադէպերը։  Շուրջօրեայ կարգով կազմակերպուած է Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանային գերատեսչութիւններու աշխատանքը՝ համապատասխան տեղեկատուութեան փոխադարձ փոխանակման ուղղութեամբ: Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ընդհանուր իրավիճակի կարգաւորման ուղղուած համատեղ աշխատանքի առանցքային տարրերէն մէկը, նշած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն, եռակողմ աշխատանքային խումբի (ԵԱԽ) աշխատանքն էր։

Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն նաեւ ընդգծած է, որ Մոսկուան վճռական է շարունակելու եռանդուն աշխատանքը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հարցով։

«Վստահ ենք, որ այս ընդհանուր ճանչցուած ձեւաչափի ներուժը հեռու է սպառելէ, ինչի մասին կը վկայէ 2020 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու առաջին հանդիպումը՝ ՄԽ համանախագահներու հովանիին ներքոյ՝ Սեպտեմբեր 23-ին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանին: Հանդիպման օրակարգին մէջ մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական հրատապ հարցեր էին։ Համանախագահներու ծրագրերն են՝ այցելել տարածաշրջան եւ շարունակել շփումները «3+2» ձեւաչափով», նշած են Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի մէջ։

 Եռակողմ աշխատանքային խումբի աշխատանքին վերաբերեալ

Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ ԵԱԽ-ի ութ հանդիպումներու արդիւնքով, կը յիշեցնէ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն, ներկայացուած է զեկոյց, ուր նկարագրուած են երկաթուղային եւ ինքնաշարժային ճշգրիտ երթուղիներ՝ վերականգնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապը՝ ելքով դէպի հարեւան երկիրներու ճանապարհային հաղորդակցութիւններ, ինչ որ պիտի բարձրացնէ տարածաշրջանի տարանցիկ գրաւչութիւնը եւ պիտի ներգրաւէ լրացուցիչ ներդրումներ։ Այդ կապակցութեամբ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի համար «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային զարկերակի իրագործնման լրացուցիչ հեռանկարներ ի յայտ կու գան, նշած են Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի մէջ։

«Կարեւոր է յատկապէս այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» շուրջ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին ներքոյ, որ կ’ուռճացուի լրատուամիջոցներուն մէջ, որ ԵԱԽ-ի բոլոր մասնակիցները համաձայնած են, որ բոլոր ապաշրջափակուած եւ նորաստեղծ ճանապարհային երթուղիները պիտի գործեն այն պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ, որոնց տարածքով անոնք կ’անցնին», եզրափակած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment