Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտականի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ Ռոպերթ Մենենտեզ մտադիր է փոփոխութիւններ նախաձեռնել 2022-ի պաշտպանական պիւտճէի նախագիծին մէջ, որոնք կը նախատեսեն Թուրքիայէն անօդաչու թռչող սարքերու արտածման խախտումներու վերաբերեալ ստուգումներ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին օգնութեան հնարաւոր սահմանափակումներ: Այս մասին ըսուած է Նիու Ճըրսիի նահանգի դեմոկրատ ծերակուտականի տարածած յայտարարութեամբ։
Մենենտեզը կը փորձէ հասնիլ այնտեղ, որ Փենթակոնը հաշուետուութիւն ներկայացնէ, թէ արդեօք թրքական անօդաչու թռչող սարքերը ունին ամերիկեան արտադրութեան բաղադրիչներ: Բացի այդ, ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները պէտք է գնահատեն, թէ Անգարայի կողմէ այդ սարքերու մատակարարումները չե՞ն հակասեր արդեօք ամերիկեան օրէնքները։
«Թուրքիոյ կողմէ անօդաչու թռչող սարքերու վաճառքը վտանգաւոր է եւ կ’ապակայունացնէ իրավիճակը եւ սպառնալիք է խաղաղութեան ու մարդու իրաւունքներուն», – ընդգծած է ծերակուտականը։ – «Միացեալ Նահանգները պէտք չէ մասնակցի անոր, այս փոփոխութիւնը կ’ընդգծէ, որ մենք պէտք է թոյլ չտանք ամերիկեան բաղադրիչներու կիրառումը թրքական այս զէնքին մէջ»։
Մենենտեզ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ «թրքական անօդաչու թռչող սարքերը որոշիչ դեր խաղացած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անցեալ տարուայ պատերազմին»։ «Այդ ժամանակէն ի վեր Լեհաստանը, Մարոքը եւ Ուքրանիան գնած են Bayraktar TB2-ը, եւ շարք մը երկիրներ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են անոր հետ կապուած, անոնց կարգին՝ Անկոլան, Եթովպիան, Նիճերը, Նիճերիան եւ Ռուանտան», – ըսած է ծերակուտականը։
Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական տարին սկիզբ կ’առնէ նախորդ տարուայ Հոկտեմբեր 1-ին։