Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդային Քարտէզներով Հնարաւոր Է Լուծել Սահմաններու Խնդիրը. Արմէն Սարգսեանի Գիրը՝ Փութինին

Խորհրդային Քարտէզներով Հնարաւոր Է Լուծել Սահմաններու Խնդիրը. Արմէն Սարգսեանի Գիրը՝ Փութինին

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, ռուսական ՌԲԿ-ին տուած հարցազրոյցին, յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանները պէտք է որոշել հին խորհրդային քարտէզներով։ Աւելին՝ Սարգսեանը պնդած է, որ այդ գործընթացը հնարաւոր չէ առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան, եւ տեղեկացուցած, որ ինքը ամիսներ առաջ անձամբ այս հարցով դիմած է Ռուսաստանի նախագահին:

«Այն ժամանակ (ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն յետոյ) ես նամակ գրեցի Վլատիմիր Վլատիմիրովիչին, որում միտք արտայայտեցի, թէ հենց (խորհրդային) քարտէզներով է հնարաւոր լուծել խնդիրը։ Թէ չէ այնտեղ տարբեր վայրերում կողմերը, առաջին հերթին ատրպէյճանական կողմը, ինչ-որ Google քարտէզներ են օգտագործում», – ըսած է Հայաստանի նախագահը։

Արմէն Սարգսեան աւելցուցած է, թէ վերդուալ քարտէզներ օգտագործելու պարագային ծրագրաւորման հմտութիւններ ունեցող որեւէ մարդ կրնայ սահմանը «նկարել» որեւէ վայր։ «Իրական քարտէզները, որոնց միջոցով կարելի է որոշել հայ-ատրպէյճանական սահմանը, հին`ցարական Ռուսաստանի եւ Խորհրդային Միութեան քարտէզներն են», ըսած է նախագահը։

Անցեալ շաբաթ նոյնը Ռուսաստանի նախագահը պնդած էր: «Վալտայ» ակումբէն ներս, պատասխանելով ներկաներէն մէկուն հարցին, Փութինը ըսած էր, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով երրորդ երկիր պէտք չէ, եւ խնդիրը կարելի է կարգաւորել Մոսկուայի միջնորդութեամբ` օգտագործելով Ռուսաստանի գլխաւոր շտաբը պահուող Խորհրդային Միութեան քարտէզները։

ՌԲԿ-ին տուած հարցազրոյցին Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն, պնդելով, թէ յետպատերազմեան ճգնաժամը կարելի է հանգուցալուծուած համարել` ընտրութիւններէն յետոյ պայքարը փողոցներէն տեղափոխուած է խորհրդարան, եւ այն, որ այդ ճգնաժամը հնարաւոր եղած է յաղթահարել, Սարգսեանի կարծիքով, կը նշանակէ` Հայաստանը տապալուած պետութիւն չէ։

Նախագահը նաեւ ակնարկած է, թէ ճիշդ չէ պայքարը նորէն տեղափոխել փողոց, որու մասին օրերս յայտարարած էր հայաստանեան ընդդիմութիւնը:

Սարգսեան նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ բացայայտած է Հայաստանի գլխաւոր շտաբի եւ վարչապետի միջեւ ամիսներ առաջ ի յայտ եկած ճգնաժամի մասին, մասնաւորապէս, պատմած, որ լարուած այդ օրերուն ինքը այցելած է Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբ եւ երկար ու լուրջ խօսած վարչապետի հրաժարականը պահանջող զօրավարներուն հետ։

«Ես ստիպուած եմ եղել, որպէս նախագահ, մտնել այդ շէնք, եւ շատ լուրջ խօսել այդ զօրավարների հետ, շատ լուրջ։ Չեմ կարող ձեզ մանրամասներ յայտնել։ Պէտք էր յաղթահարել այդ ճգնաժամը», – ըսած է Հայաստանի նախագահը։

Հայաստանի նախագահը հերթական անգամ խօսած է սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին, նշելով, թէ ինքը չի յորդորեր խորհրդական հանրապետութենէն անցնիլ նախագահական կառավարման, այլ ընդամէնը կը խօսի իշխանութեան ճիւղերու հաւասարակշռման մասին:

«Եթէ մենք փոխենք Սահմանադրութիւնը, ես պատրաստ եմ հրաժարական տալ, ցոյց տալու համար, որ սա ինձ համար չէր, այլ երկրի։ Նրա համար, որ դժուարին պահերին յստակ լինի, թէ ով է պատասխանատուութիւն կրում, ով է որոշում կայացնողը», – ըսած է նախագահը։

Արմէն Սարգսեան քանի մը անգամ անդրադարձած է ռազմագերիներու հարցին, ընդգծելով, որ ան ամենացաւոտն է հայկական կողմի համար: Պնդելով, թէ ինք տարբեր միջազգային ատեաններ կը դիմէ այս հարցով` Սարգսեան օգտագործած է նաեւ հարցազրոյցի առիթն ու անոր միջոցով ուղիղ դիմած Ատրպէյճանի նախագահին`«վերադարձրէ՛ք տղաներին»։

Ռուսական մամուլին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Հայաստանի նախագահը խօսած է նաեւ Թուրքիոյ օր ըստ օրէ աճող դերակատարութեան մասին մեր տարածաշրջանին մէջ, Իրանի շահերու, միջազգային յարաբերութիւններու մասին, ըսելով, թէ աշխարհին մէջ այսօր բոլորովին նոր գործընթացներ կ’ընթանան, յիշած է նոյնիսկ անգլիացի գրող՝ Քիփլինկը, սակայն, որեւէ բան չէ ըսած Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment