Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԲԸՄ Լոս Անճելըսի Պարարուեստի Դպրոց

ՀԲԸՄ Լոս Անճելըսի Պարարուեստի Դպրոց

by MassisPost

ՀԲԸՄ Լոս Անճելըսի Պարարուեստի Դպրոցը կ՚առաջարկէ հայկական եւ ժամանակակից պարերու դասընթացքներ 5-18 տարեկան երեխաներու համար՝ Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կեդրոնին մէջ։ Պարի դասարանները խմբաւորուած են համաձայն տարիքի եւ հմտութիւններու։

Արձանագրութեան իւրաքանչիւր սակ եռամսեայ դասընթացքի համար նախատեսուած է, եւ ներկայիս կ՚ընդունինք երեխաներ Յունուար 17-էն Մարտ 16, 2022-ի համար։

COVID-19-ի ապահովական միջոցները կը գործադրուին պարի փորձերուն ընթացքին, ներառեալ շէնքէն ներս դիմակ կրելը։

Պարուսոյց՝ Տիկ. Թագուհի Բեզաթեան
Արձանագրութեան սակ՝ 300 տոլար
Յունուար 17 – Մարտ 16, 2022
Երկուշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերը
Կէսօրէ ետք ժամը 4։00 – 5։00՝ 5-9 տարեկաններ
Կէսօրէ ետք ժամը 5։15 – 6։15՝ 10-14 տարեկաններ
Երեկոյեան 6։30 – 7։30՝ 15-18 տարեկաններ
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, կը խնդրուի հեռաձայնել (626) 794-7942 թիւին, կամ իմէյլ՝ [email protected]։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment