Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ծերակուտը Հաստատեց Ճէֆ Ֆլէյքի Թուրքիոյ Մօտ ԱՄՆ-Ի Դեսպանի Պաշտօնը

Ծերակուտը Հաստատեց Ճէֆ Ֆլէյքի Թուրքիոյ Մօտ ԱՄՆ-Ի Դեսպանի Պաշտօնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտը երեքշաբթի օր հաստատած է Ճէֆ Ֆլէյքը, որպէս Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ-ի նոր դեսպան, հաղորդած է ամերիկեան Քոնկրէսի վերին պալատի մամլոյ ծառայութիւնը։

Ֆլէյքի թեկնածութիւնը առաջարկած էր նախագահ՝ Ճօ Պայտըն, առաջադրումը Ծերակուտականի կողմէ հաստատուած է միաձայն։

Ֆլէյք նախկին ծերակուտական է եւ 2013-2019 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանի վերին պալատին մէջ ներկայացուցած է Արիզոնա նահանգը, աւելի վաղ՝ 2001-էն ի վեր քոնգրէսական էր Ներկայացուցիչներու պալատը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment