Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքի Բռնագանձման Գործերով Վարչութիւնը Առաջին Հայցը Ուղարկած Է Դատարան

Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքի Բռնագանձման Գործերով Վարչութիւնը Առաջին Հայցը Ուղարկած Է Դատարան

by MassisPost

Մէկ տարի առաջ Գլխաւոր դատախազութենէն ներս ձեւաւորուած ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը աւարտին հասցուցած է առաջին գործը եւ ուղարկած առաջին ատեանի դատարան։ Խօսքը Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին աշխատակից Սերոբ Յարութիւնեանի եւ անոր կնոջ՝ Անուշ Անտոնեանի մասին է, «Ազատութիւն»ին հաղորդեց գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան։

«Ուսումնասիրութիւնը նախաձեռնուել է այն ժամանակ, երբ նրա նկատմամբ քրէական գործի շրջանակներում իրականացւում էր քրէական հետապնդում։ Սահմանուած կարգով, հաշուի առնելով, որ առկայ էին տուեալներ հնարաւոր ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի վերաբերեալ, այդ տուեալներն ուղարկուել էին վարչութիւն, եւ հենց դրա շրջանակներում էլ վարչութիւնը սկսել էր ուսումնասիրութիւնը, խօսքը վերաբերւում է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին աշխատակցին», – ըսաւ Աբրահամեան։

Դատախազութիւնը դատարանէն կը պահանջէ գնդապետէն, անոր կնոջէն ու որդիէն բռնագանձել ընդհանուր առմամբ 485 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյք, որոնց կարգին է Երեւանի Հիւսիսային պողոտան գտնուող բնակարանը, երկու ինքնաշարժներու կայանատեղիներ եւ քանի մը այլ սեփականութիւն։

Աբրահամեանի տուեալներով, այս պահուն դատախազութիւնը կ’ուսումնասիրէ 250 անձի գոյք, մօտ 10-ը գործ կը գտնուի աւարտական փուլ։ Եւ անոնց հետ այժմ բանակցութիւններ կ’ընթանան, եթէ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, ուրեմն գործերը դատարան չեն հասնիր եւ քաղաքացիները ապօրինի համարուող իրենց գոյքի 75 տոկոսը կը վերադարձնեն պետութեան։

Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններուն  մէջ կան հնչեղ անուններ, անոնց կարգին՝ նախկին ոստիկանապետ՝ Վլատիմիր Գասպարեան, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր, հետախուզման մէջ գտնուող Լեւոն Սարգսեանի դուստրը, պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ՝ Գալուստ Սահակեանի որդին՝ Արման Սահակեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment