Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճան Զօրավարժութիւններ Կը Կատարէ Լաչինի Մէջ

Ատրպէյճան Զօրավարժութիւններ Կը Կատարէ Լաչինի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանական բանակը զօրավարժութիւններ կը կատարէ Արցախի բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջանի՝ Բերձորին մէջ։ Հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուական միջոցները՝ վկայակոչելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան։

«Համաձայն 2021 թուականի ցամաքային զօրքերու պատրաստութեան ծրագրին՝ Հոկտեմբեր 19-ին Լաչինի մէջ մեկնարկած են ատրպէյճանական բանակի հրամանատարական շտապային զօրավարժութիւններ»,- ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեամբ։

Զօրավարժութիւնները կը կատարուին կապի եւ տեղանքի կողմնորոշուելու տարատեսակ միջոցներու լայնամաշտապ կիրառմամբ։

«Զօրավարժութիւններու ընթացքին կը ստուգուի ցամաքային զօրքերու եւ զօրքերու տեսակներու փոխգործակցութիւնը՝ կառավարման ժամանակակից մեթոտներու կիրառմամբ»,- նշուած է հաղորդագրութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment