Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Հաագայի Դատարանէն Կը Պահանջէ Հայաստանի Նկատմամբ Միջանկեալ Միջոց Կիրառել

Ատրպէյճանը Հաագայի Դատարանէն Կը Պահանջէ Հայաստանի Նկատմամբ Միջանկեալ Միջոց Կիրառել

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանէն կը պահանջէ շտապ կարգով Երեւանի նկատմամբ միջանկեալ միջոցներ կիրառել՝ «Հայաստանի սպառնալիքներէն Ատրպէյճանը պաշտպանելու համար»։

Այսօր Հաագայի մէջ, ՄԱԿ-ի դատարանէն ներս Հայաստանի դէմ ներկայացուած հայցի քննութեան ընթացքին, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Էլնուր Մամետովը:

«Հայաստանը այսօր ալ կը շարունակէ տասնամեակներ առաջ մեկնարկած ցեղային զտման քաղաքականութիւնը։ Հայաստանը կը շարունակէ ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ ատելութիւն սերմանել եւ բռնութիւն հրահրել՝ պատսպարելով զինուած խմբաւորումները ինչպէս նաեւ աջակցելուվ ու ֆինանսաւորելով ապատեղեկատուական գործողութիւնները»,- յայտարարած է Մամետովը։

ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանը Հոկտեմբեր 14-ին եւ 15-ին քննեց Ատրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու Հայաստանի միջնորդութիւնը։ Երկօրեայ լսումներու ընթացքին Հայաստանը դատարանին ներկայացուցած է իր պահանջները եւ պատասխանած միւս կողմի հակափաստարկներուն: Լսումներու աւարտին դատարանի նախագահը յայտարարած է, որ որոշումը կը հրապարակուի հնարաւորինս սեղմ ժամկէտով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment