Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Հանդիպած Է ԵԽ Նախարարներու Կոմիտէի Պատուիրակութեան Հետ

Արարատ Միրզոյեան Հանդիպած Է ԵԽ Նախարարներու Կոմիտէի Պատուիրակութեան Հետ

by MassisPost

Հոկտեմբեր 18-ին, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) նախարարներու կոմիտէի ժողովրդավարութեան հարցերով զեկուցողներու խումբի ղեկավար, ԵԽ-ի մօտ Շուէտի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան՝ Մարթըն Էհնպըրկը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:  Պատուիրակութեան կազմով Հայաստան ժամանած են նաեւ ԵԽ-ի մէջ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, Զուիցերիոյ, Ֆինլանտաի, Էսթոնիոյ, Անտորրայի, Իսլանտայի դեսպանները եւ ԵԽ քարտուղարութեան ներկայացուցիչները:

Նախարար՝ Միրզոյեան ու դեսպան՝ Էհնպըրկ գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի ու ԵԽ-ի միջեւ հաստատուած բազմոլորտ համագործակցութեան կապակցութեամբ եւ վստահութիւն յայտնած, որ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը հետագայ զարգացում կ’ունենայ: Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխութիւններու, օրէնքի գերակայութեան ապահովման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործով ԵԽ-ի կողմէ տրամադրուող աջակցութեան հիմնարար դերը: Այս շրջածիրէն ներս կարեւորուած է ԵԽ-Հայաստան 2019-2022 թուականներու Գործողութիւններու ծրագրի կեանքի կոչումը:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներով Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակողականին եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին՝ նախարարը բարձր գնահատած է պատերազմի առաջին իսկ օրերուն ԵԽ -ի տարբեր մարմիններու կողմէ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութիւններն ու կոչերը։ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման շրջածիրէն ներս ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտած է նաեւ միջազգային կառոյցներու, անոնց կարգին՝ ԵԽ-ի իրաւասու մարմիններու՝ տեղւոյն անխոչընդոտ ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը մինչ օրս կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը, ինչ որ միջազգային մարդու իրաւունքի, ինչպէս նաեւ եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment