Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսան, Ռուսաստանի Եւ ԱՄՆ-Ի Հետ Միասին, Կ’աշխատի Ղարաբաղի Վերաբերեալ Տեւական Համաձայնագրի Ուղղութեամբ. Անն Լույո

Ֆրանսան, Ռուսաստանի Եւ ԱՄՆ-Ի Հետ Միասին, Կ’աշխատի Ղարաբաղի Վերաբերեալ Տեւական Համաձայնագրի Ուղղութեամբ. Անն Լույո

by MassisPost

«Ֆրանսան, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին կ’աշխատի Ղարաբաղի վերաբերեալ տեւական համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ», Հոկտեմբեր 12-ին «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան՝ Անն Լույոն։

Դեսպանը մանրամասնութիւններ չյայտնեց, սակայն հարկ համարեց ընդգծել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի բոլոր երեք համանախագահող երկիրներու մասնակցութիւնը այդ գործընթացին. – «Տեղեակ էք, որ ես այստեղ՝ Հայաստանի մէջ ներգրաւուած չեմ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքներուն մէջ։ Գործընկեր ունիմ՝ Ստեֆան Վիսքոնթին, որ Ֆրանսայի ներկայացուցիչն է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ։ Սակայն արդէն կրնամ ձեզի ըսել, որ Նիու Եորքի մէջ տեղաշարժ արձանագրուած է եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի այլ համանախագահներուն հետ հաճոյքով կազմակերպած ենք երկու՝ [Հայաստանի ու Ատրպէյճանի] արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Սա կարող է փոքր քայլ թուիլ, բայց հսկայական քայլ էր։ Յուսով ենք, նման կարգի այլ որոշումներ եւս կ’ըլլան, եւ կրնամ ձեզ վստահեցնել, որ մենք մեր ռուսաստանցի եւ ամերիկացի գործընկերներուն հետ միասին կը գործենք, որպէսզի առաջ մղենք Ղարաբաղի վերաբերեալ աւելի տեւական համաձայնագրի կնքման միտուած գործընթացը»։

«Ազատութիւն»ի հարցին, թէ հարկաւո՞ր է սպասել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխուժացում, Ֆրանսան ներկայացնող դիւանագէտը պատասխանեց. – «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը արդէն իսկ գործի սկսած է Նիու Եորքի մէջ, ինչպէս քիչ առաջ ըսի։ Մենք առանձին չենք։ Կը կարծեմ որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է նոյնպէս շարժին»։

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը, ըստ էութեան, դադրած էր գործելէ, եւ 44-օրեայ պատերազմէն գրեթէ մէկ տարի անց՝ այս Սեպտեմբերի վերջը խումբը կարողացաւ հանդիպում կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ Նիու Եորքի մէջ։

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուս, ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցան։

Հանդիպումներէն յետոյ ղարաբաղեան միջնորդներուն տարածած յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած էր, որ համանախագահները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը շարունակելու աշխատանքը կողմերուն հետ` «գտնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր մնացեալ խնդիրներու համապարփակ լուծումներ, համաձայն իրենց մանտաթի»:

Անցեալ շաբաթավերջին միջնորդները Ժընեւի մէջ երկօրեայ խորհրդակցութիւններ վարեցին ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փոխնախագահին հետ, որմէ յետոյ յայտարարեցին, թէ դրական ընդունած են վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի` իրար հետ հանդիպելու մասին հրապարակային յայտարարութիւնները եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն կողմերու հետ նման հանդիպման պայմաններն ու մանրամասնութիւնները քննարկելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment