Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարդան Ղուկասեանի Կողմէ Օտարուած Համայնքային Գոյքի Վրայ Կալանք Դրուած Է

Վարդան Ղուկասեանի Կողմէ Օտարուած Համայնքային Գոյքի Վրայ Կալանք Դրուած Է

by MassisPost

Գիւմրի գտնուող պետական ու համայնքային գոյքը, որուն առնչուող դրուագներով մեղադրանք առաջադրուած է նախկին քաղաքապետ՝ Վարդան Ղուկասեանին, կալանքի տակ դրուած է։

«Խօսքը, եթէ չեմ սխալւում, 24 գոյքի մասին է` առանձին վերցրած հողակտորներով: Քրէական գործը գտնւում է նախաքննութեան փուլում: Հողակտորները, այդ գոյքի վրայ վարոյթն իրականացնող մարմնի կողմից արդէն որոշում է կայացուել կալանք դնելու մասին», – այսօր՝ Հոկտեմբեր 11-ին որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Շիրակի մարզի դատախազ՝ Գուրգէն Գրիգորեան։

13 տարի Գիւմրիի քաղաքապետի պաշտօնը գրաւած Ղուկասեանին դեռ ամրան մեղադրանք առաջադրուած էր պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ պաշտօնէական կեղծիք կատարելու 38 դրուագներով։ Նախկին քաղաքապետը հարցաքննած են, անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին: Ըստ իրաւապահներուն` Ղուկասեանը 2001-2011 թուականներու ընթացքին ուղղակի վաճառքով կամ աճուրդով պետական ու համայնքային շարք մը հողամասեր ու շէնքեր օտարած է իրեն կամ այլ անձերու։ Ընդ որում, եղած է գոյք, որու օտարումը ընդհանրապէս օրէնքով արգիլուած էր։

Աւելի վաղ «Ազատութիւն»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պաշտօնավարման ընթացքին բազմաթիւ աղմկայարոյց պատմութիւններու կեդրոնը եղած Վարդան Ղուկասեան քաղաքական պատուէր որակած էր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը, պնդած էր, թէ վաղեմութեան ժամկէտ անցած է:

Շիրակի մարզի դատախազը հակադարձեց Ղուկասեանին. «Վաղեմութեան ժամկէտը վերաբերում է քրէական պատասխանատուութիւն ենթարկելուն»:

Օտարուած համայնքային գոյքը վերադարձնելու հետ ի՞նչ մեքենականութիւն կայ, «Ազատութիւնը» հարցուց Շիրակի մարզի դատախազին։ «Հետագայում եթէ անձը մեղաւոր ճանաչուի յիշեալ արարքների համար, արդէն համայնքն իրաւունք կը ստանայ քաղաքացիական հայցով դնի պահանջը»:

Անօրինական օտարուած գոյքերէն մէկը Գիւմրիի կեդրոնական զբօսայգիի մէկ հատուածն է, ուր կառուցուած է Ղուկասեաններու ընտանիքին պատկանող «Օազիս» սրճարանը։ Քաղաքային իշխանութիւնը այգին տրամադրած է «Թումոյին», բայց ճարտարագիտական ստեղծարար կեդրոնը չի կրնար սկսիլ բարեկարգումը, քանի դեռ չէ լուծուած սրճարանի քանդուելու հարցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment