Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանի ՊՆ-ը Հաստատած Է, Որ Մարտակերտի Խաղաղ Բնակիչը Զոհուած Է Ատրպէյճանցիներու Կրակոցէն

Ռուսաստանի ՊՆ-ը Հաստատած Է, Որ Մարտակերտի Խաղաղ Բնակիչը Զոհուած Է Ատրպէյճանցիներու Կրակոցէն

by MassisPost

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ Մարտակերտի մէջ քաղաքացիական անձը զոհուած է ատրպէյճանցիներու կրակոցէն:

«Հոկտեմբեր 9-ին Մարտակերտի շրջանի մէջ, կողմերու շփման գծի մօտակայքը գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակ, ատրպէյճանական կողմէ գնդակոծութեան հետեւանքով մահացու վիրաւորում ստացած է Մատաղիս գիւղի խաղաղ բնակիչը», – ըսուած է Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան տեղեկագրով:

«Ռուսաստանեան զօրախումբի հրամանատարութիւնը միջադէպի քննութիւն կատարած է երկու կողմերու ներկայացուցիչներու ներգրաւմամբ», – նշուած է տեղեկագրով:

Նախօրէին Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղարը հաղորդեց Մարտակերտ քաղաքի մէջ ատրպէյճանական կողմի արձակած կրակոցէն քաղաքացիական անձի զոհուելու մասին:

Ատրպէյճանը հերքեց այդ հաղորդումը:

Մարտակերտի քաղաքապետի խօսքով, մինչդեռ, կրակոցներու ժամանակ 55-ամեայ՝ Արամ Տեփնանցի մօտ` քարշիչին (թրաքթոր) մէջ, ռուս խաղաղապահներ եղած են:

Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնները յայտարարութիւններով հանդէս եկան՝ պահանջելով միջադէպի մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment