Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ատրպէյճանէն Մեր Սպասելիքները Չեն Արդարացած». Խաթիպզատէ

«Ատրպէյճանէն Մեր Սպասելիքները Չեն Արդարացած». Խաթիպզատէ

by MassisPost

«Իրանը չէ փակած իր օդային տարածքը Ատրպէյճանի համար», այսօր՝ Հոկտեմբեր 11-ին Թեհրանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Սաիտ Խաթիպզատէն։

«Մենք երբեք չենք փակած օդային տարածքը Ատրպէյճանի առջեւ։ Ցամաքային սահմանը եւս բաց է, կապ գոյութիւն ունի, եւ տեղաշարժը չէ դադրած», – յայտարարած է Իրանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը՝ անգամ մը եւս նշելով, որ Պաքուն եւ Թեհրանը «երրորդ երկիրներուն պէտք չէ թոյլ տան ազդել իրենց յարաբերութիւններուն վրայ»։

Խաթիպզատէն նշած է, որ իրանական կողմը իր մտահոգութիւնները փոխանցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն։

«Որոշ հարցերու եւ խնդիրներու մէջ, սակայն, Ատրպէյճանէն մեր սպասելիքները չեն արդարացած», – յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment