Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Նախագահի Ընտանիքը՝ Օֆշորային Խայտառակութեան Կեդրոնը

Ատրպէյճանի Նախագահի Ընտանիքը՝ Օֆշորային Խայտառակութեան Կեդրոնը

by MassisPost

Փութինի, Ալիեւի եւ աշխարհի հարիւրաւոր այլ առաջնորդներու, քաղաքական գործիչներու եւ միլիառատէրերու գաղտնի գործարքները յայտնի դարձած են պատմութեան մէջ ֆինանսական փաստաթուղթերու ամենախոշոր արտահոսքերէն մէկու շնորհիւ: Նոր օֆշորային ծրարը կը կոչուի «Փանտորայի փաստաթուղթեր»:

Հետաքննող լրագրութեան միջազգային համընկերութեան գլխաւորութեամբ՝ աւելի քան 650 լրագրողներ ուսումնասիրած են միլիոնաւոր թղթապանակներ, որոնք կը ներառեն պետութիւններու 30-էն աւելի տարիներու ընթացքի ներկայ եւ նախկին ղեկավարներ եւ աւելի քան 300 պաշտօնեաներ: Նոր ծրարը կը շարունակէ վերջին 7 տարուայ աւանդոյթը, երբ օֆշորային ընկերութիւններու ֆինանսական փաստաթուղթերը քանի մը անգամ արտահոսած են հանրութեան: Ծրարին մէջ ընդգրկուած որոշ անուններ արդէն յայտնի էին քորուփցիայի, դրամալուացման եւ հարկերէն խուսափելու կասկածներու հետ կապուած գործերով:

«Փանտորայի փաստաթուղթեր»ը կը վկայեն այն մասին, թէ ինչպէս տարբեր քաղաքական գործիչներ, օգտագործելով օֆշորային գօտիներ անձանագրուած ընկերութիւնները, հսկայական քանակի անշարժ գոյք գնած եւ վաճառած։

BBC-ն, մասնաւորապէս, անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ «Փանտորայի փաստաթուղթերուն» համաձայն՝ Ատրպէյճանի նախագահի ընտանիքը, որ պարբերաբար միջազգային մամլով կը մեղադրուի սեփական երկիրը թալանելու մէջ, ներգրաւուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ աւելի քան 400 միլիոն ֆունտի չափով անշարժ գոյքի գործարքներու մէջ:

 

Օրինակ՝ Ատրպէյճանի առաջին ընտանիքը, ըստ երեւոյթին, ստացած է աւելի քան 30 միլիոն ֆունտ եկամուտ՝ վաճառելով Լոնտոնի իրեն պատկանող շէնքերէն մէկը Բրիտանիոյ թագուհիին պատկանող Crown Estate ընկերութեան:

«Փանտորայի փաստաթուղթերը» ցոյց կու տան, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի առաջնորդ Ալիեւի ընտանիքը ձեռք բերած է 17 անշարժ գոյք Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, ներառեալ՝ 33 միլիոն ֆունտ արժողութեամբ գրասենեակային շէնք իր 11-ամեայ որդի Հէյտարի համար: Լոնտոնի ամենաթանկ թաղամասին՝ Մէյֆըրի մէջ գտնուող շէնքը գնած է Mallnick Holdings ընկերութիւնը, որ 2009-էն կը պատկանի Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին: Մէկ ամիս անց սեփականութեան իրաւունքը վերաարձանագրուած է Հէյտարի անունով:

Հրապարակուած ֆինանսական փաստաթուղթերու վերլուծութիւնը նաեւ պարզած է, որ Ալիեւներու ընտանիքը 2018-ին 66 միլիոն ֆունտով վաճառած է մօտակայքը գտնուող մէկ այլ գրասենեակային շէնք:

Crown Estate-ը պարզաբանած է լրագրողներուն, թէ բոլոր անհրաժեշտ եւ օրէնքով նախատեսուած ստուգումները կատարուած են, եւ այժմ նոր ստուգումներ կ’ընթանան։ Մեծ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները վերջին տարիներուն բազմիցս յայտարարած են, թէ կը պայքարին բրիտանական անշարժ գոյքը դրամալուացման համար օգտագործելու դէմ եւ համապատասխան ստուգումներ կը կատարեն։ BBC-ի լրագրողները, սակայն, բերելով Ալիեւներու օրինակը՝ գրած են, որ իշխանութիւնները իրենց խոստումները չեն կատարած։

Մասնաւորապէս, ինչպէս կը վկայեն հրապարակուած փաստաթուղթերը, օֆշորային ընկերութիւններու շահառուներու կամ օֆշորային ընկերութիւններու ձեռք բերած անշարժ գոյքի սեփականատէրերու շարքին են նաեւ Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի մերձաւորները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment