Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ Վարժարան. Վերամուտ Եւ Անկախութեան Տօնակատարութիւն Փասատենայի Մէջ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ Վարժարան. Վերամուտ Եւ Անկախութեան Տօնակատարութիւն Փասատենայի Մէջ

by MassisPost

11 Սեպտեմբեր 2021, Շաբաթ օրը խանդավառ եւ տօնական էր Փասատենայի մէջ: Այդ օր իր դռները 55րդ անգամ բացաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը:

Վերամուտի հաւաքոյթը սկսաւ տնօրէն Նորայր Տատուրեանի բարի գալուստի խօսքով: Ան շեշտեց 2021-22 տարեշրջանի համար ծրագրուած հանդէս եւ միջոցարումներու ճոխութիւնը եւ ըսաւ, թէ հայապահպանման լաւագոյն ճամբան ազգային ինքնութեան ճանաչումն է ու այդ նպատակով վարժարանը լայն տեղ կը տրամադրէ իր սաներուն ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւն տալու ջանքերուն: Ապա ան ներկայացուց ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ դպրոցին համար ջանադրաբար աշխատող նախկին սաներու կամաւորական կազմը:

Եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթի ընթացքին նաեւ խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Աւ. քհնյ. Փեթոյեանը: Ան շնորհաւորեց ծնողները եւ աշակերտները, ըսելով, թէ անոնք հայեցի դաստիարակութիւնը կը գերադասեն ու հաւատքով կը փութան հայկական վարժարան: Կատարուեցաւ դպրոցական նոր տարեշրջանի յաջողութեան համար Տէրունական աղօթք, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քայլերգի միաբերան կատարում:

Աշակերտները ապա ծնողներու եւ հիւրերու ծափահարութեամբ խումբ առ խումբ դասարաններ ուղղուեցաւ, ստանալու համար մտքի լոյս եւ գիտութիւն:

SGSS-2

Իսկ 25 Սեպտեմբեր, Շաբաթ օր, շաբաթօրեայ վարժարանի սաները ջերմ ու ներշնչող յայտագիրով մը տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 30ամեակը:

Յայտագիրը, որ ունէր նաեւ դաստիարակչական բնոյթ, սկսաւ Հայաստանի վերանկախացման ճանապարհը եւ Հայկական պետական նշանները ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութեամբ: Փոքրիկ աշակերնտերը հիացումով եւ հպարտութեամբ դիտեցին եռագոյնի, զինանշանի, խորհրդարանի, մայրաքաղաքի լուսանկարները ու պարզ տեղեկութիւններ ստացան անոնց մասին:

SGSS-3

Ապա հանդէս եկան Պլեր երկրորդական վարժարանի Հայկական Ճեմարանէ հիւր աշակերուհիներ, որոնք հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ արտասանեցին շաբաթօրեայ վարժարանի փոքրիկներու համար: Հայկական Ճեմարանի պարախումբի անդամ այդ աշակերտուհիները Արա Գեւորգեանի, ինչպէս նաեւ խանդավառ ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ ներկայացուցին Անկախութեան նուիրուած հայրենաշունչ պար մը: Անոնք Շաբաթօրեայ վարժարանի մանուկներուն ներշնչում տուին, որ անոնք ալ շուտով մասնակցին հայկական պարախումբին: Ապա բոլոր աշակերտները եւ ծնողները մասնակցեցան միասնութեան շուրջպարին: Անոր հետեւեցան Տէրունական աղօթքի եւ վերանկախացած Հայաստանի պետական քայլերգի միաբերան եւ բարձրաշունչ կատարումները: Յայտագիրը ունէր քաղցր աւարտ. աշակերները «Տօնդ Շնորհաւոր» երգելով կտրեցին Անկախութեան կարկանդակ մը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դաստիարակութիւն կու տայ 4-12 տարեկան հայորդիներուն: Դպրոցի ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հայկական ասմունքը, երգը եւ պարը: Այս տարի դպրոցը ունի նաեւ երգի յատուկ ուսուցչուհի եւ դասաժամ: Արձանագութեան համար հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ. (626) 449-1523:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment