Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դաւիթ Տոնոյեան եւ Դաւիթ Գալստեան Կալանաւորուեցան

Դաւիթ Տոնոյեան եւ Դաւիթ Գալստեան Կալանաւորուեցան

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեան կալանաւորուած է։ Դատարանը, ժամեր շարունակ քննելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) միջնորդութիւնը, Սեպտեմբեր 30-ի ուշ երեկոյեան հրապարակեց որոշումը։

54-ամեայ Տոնոյեանը կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերով վատնում կատարելու համար։ Անոր փաստաբան՝ Սերկէյ Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ նախկին նախարարը չ’ընդունիր առաջադրուած մեղադրանքը։

«Քրէական գործում առկայ են բազմաթիւ տեղեկութիւններ, որոնք արդէն իսկ կը հերքեն առաջադրուած մեղադրանքը։ Քննութեան հետագայ փուլերում արդէն իսկ պարզ կը լինի, թէ որ իրաւասու մարմինը ինչպէս կը գնահատէ դա», – նշեց Յովհաննիսեանը։

Սերկէյ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ կը պատրաստուին Վերաքննիչ քրէական դատարան բողոքարկել որոշումը. հիմնաւոր չեն համարեր կալանաւորման համար ներկայացուած հիմքերը, թէ ազատութեան մէջ գտնուելու պարգային Տոնոյեան կրնայ խուսափիլ քննութենէն կամ խոչընդոտել քննութիւն։

«Կալանաւորման ինչպէս պայմանը, այնպէս էլ հիմքերը առկայ չեն եղել», – ըսաւ Սերկէյ Յովհաննիսեան։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ 2018-էն 2020 թուականներու պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեան որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է շուրջ 4.7 միլիոն տոլար յափշտակելու, կեղծիքներ եւ հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար։ Նոյն գործով մեղադրեալ է նաեւ բանակին զինամթերք մատակարարած ընկերութեան տնօրէն՝ «Պատրոն Դաւօ» մականունով յայտնի Դաւիթ Գալստեանը։

Այս քրեական գործի վերաբերեալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը օրերս յայտնած էր։ Խօսքը բանակին ժամկէտը անցած հրթիռներ վաճառելու մասին է։

Մեղադրանքը չ’ընդունիր նաեւ Դաւիթ Գալստեան։ Վերջինս մեղադրեալ է նաեւ ուրիշ՝ կրկին զինամթերքի մատակարարման չարաշահումներուն առնչուող քրէական գործով։

«Մեր մօտ տէժա վու (արդէն տեսած) է, որովհետեւ, ինչպէս եւ նախորդ մեղադրանքի ժամանակ, բացարձակ անհիմն մեղադրանք է ներկայացուած՝ որեւէ փաստական տուեալով չհիմնաւորուած, բացարձակ ենթադրութիւնների վրայ հիմնուած։ Նոյն պատմութիւնը կրկնւում է, այսպէս ասեմ», – ըսաւ Գալստեանի փաստաբան՝ Արմէն Յարութիւնեան։

Դատարանը շուրջ 8 ժամ քննեց նաեւ Դաւիթ Գալստեանի կալանաւորման հարցը, ան եւս կալանաւորուեցաւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment