Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իրանը Թոյլ Չի Տար Երրորդ Պետութիւններուն Ազդել Հայաստանի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Վրայ». Ապտըլ Լահիան

«Իրանը Թոյլ Չի Տար Երրորդ Պետութիւններուն Ազդել Հայաստանի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Վրայ». Ապտըլ Լահիան

by MassisPost

«Արդիւնաւէտ եւ կառուցողական»․ Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Հոսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանը այսպէս բնութագրած է իր հայաստանցի պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ Հոկտեմբեր 4-ի Թեհրան կայացած բանակցութիւնները։

Պաշտօնական IRNA գործակալութեան հաղորդմամբ` Ապտըլ Լահիանը բանակցութիւններու ընթացքին կոչ ըրած է արագացնելու երկու երկիրները կապող տարանցիկ ուղիներու վերականգնումը։ Իրանական աղբիւրներու հաղորդմամբ` նախարարը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները ռազմավարական բնոյթի շարք մը պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են եւ այժմ զբաղած են երկկողմանի համագործակցութեան նոր ճանապարհային քարտէզի մշակմամբ։

«Քաղաքականէն բացի, մենք պայմանաւորուած ենք երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնել նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ», – յայտարարած է Իրանի ԱԳ նախարարը՝ յատուկ ընդգծելով, -«Իրանը թոյլ չի տար երրորդ պետութիւններուն ազդել հարեւաններու, անոնց կարգին` Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն վրայ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment