Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դաւիթ Տոնոյեանը Ձերբակալուած է եւ Ներգրաւուած Որպէս Մեղադրեալ. ԱԱԾ

Դաւիթ Տոնոյեանը Ձերբակալուած է եւ Ներգրաւուած Որպէս Մեղադրեալ. ԱԱԾ

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաստատած է, որ առանձնապէս խոշոր չափերու յափշտակութիւն կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած են 2018-2020 թուականներուն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Դ․Տ-ն (Դաւիթ Տոնոյեան), ինչպէս նաեւ մատակարար կազմակերպութեան տնօրէն Դ.Գ-ն (Դաւիթ Գալստեան)։

Անոնք ձերբակալուած են ԶՈւ-ի կարիքներուն համար ռազմամթերքի մատակարարման գործընթացին Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու կողմէ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ պաշտօնէական կեղծիքներ կատարելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ վերջիններս առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 2,277,323,840 դրամ գումար յափշտակելու եւ կեղծիքներ, հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար ներգրաւուած են որպէս մեղադրեալ, եւ զիրենք կալանաւորելու միջնորդութիւններ ներկայացուած են դատարան։

Ինչպէս ԱԱԾ-ն հաղորդած է, քրէական հետապնդումներ յարուցուած են նաեւ Զինուած ուժերու նախկին եւ ներկայ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու նկատմամբ:

Յիշեցնենք, որ Դաւիթ Գալստեան, (առաւել յայտնի «Պատրոն Դաւօ» մականունով), ԱԱԾ միջնորդութեամբ Փետրուարին կալանաւորուած էր։ Ըստ ԱԱԾ-ին, անոր «Մոսսթոն էնճինիրինկ» ընկերութիւնը 2018 թուականին Պաշտպանութեան նախարարութենէն յափշտակած է մէկ միլիոն տոլարի չափ գումար։ Պայմանագրով նախատեսուած 80-ականներու արտադրութեան հրանօթի արկերու փոխարէն բանակին խաբէութեամբ մատակարարած է 70-ականներու այլ արտադրութեան հրանօթի արկեր, որոնցմով անհնար եղած է մարտական խնդիրներ լուծել։ Սակայն չորս ամիս անց վերաքննիչ դատարանը բեկանեց առաջին ատեանի դատարանի զինք կալանաւորելու որոշումը ու ազատ արձակեց Գալստեանը։

Անոր փաստաբանը յայտարարեց, թէ իրենք անհերքելի ապացոյցներ ներկայացուցած են, որ մատակարարումները կը համապատասխանեն պայմանագրի պահանջներուն։

Երէկ՝ Սեպեմբեր 29-ին, յայտնի դարձաւ, որ ԶՈւ ԳՇ պետի տեղակալ՝ Ստեփան Գալստեան եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեան հրաւիրուած են ԱԱԾ։ «Հրապարակ» օրաթերթը տեղեկացուցած էր նաեւ, որ մինչ այդ խուզարկած էին անոնց բնակարանները։ Ըստ հրապարակումներուն, խուզարկութիւնները կապուած էին անորակ հրթիռներու քրէական գործի հետ։

Օրերս ԱԱԾ-ն հաղորդեց, որ այդ գործով ձերբակալուած Զինուած ուժերու օդուժի պետ-վարչութեան պետի պաշտօնը գրաւող բարձրաստիճան զինուորականը տեղեակ եղած է, որ դեռ 2011-ին մատակարար ընկերութիւններէն մէկը ներմուծած է հրթիռներ, որոնց ժամկէտները անցած եղած են, սակայն, սա չէ խանգարած զինուորականը գնել անորակ հրթիռները, որոնց համար պետական պիւտճէէն վճարուած է 4․7 միլիոն տոլար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment