Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրէն Մահացած Է Երգիչ Հայկօն․ Ան Պատուաստուած Չէ Եղած

«Քորոնա» Ժահրէն Մահացած Է Երգիչ Հայկօն․ Ան Պատուաստուած Չէ Եղած

by MassisPost

44 տարեկան հասակին մահացած է սիրուած երգիչ, ՀՀ վաստակաւոր արթիսթ Հայկօն: Ան կը գտնուէր «Միքայէլեան» հիւանդանոց (Միքայէլեան վիրաբուժութեան հիմնարկ)՝ պայքարելով «Քորոնա» ժահրի դէմ: Այս տեղեկութիւնը Civic.am-ի հարցին ի պատասխան հաստատեցին «Միքայէլեան» հիւանդանոցի լրատուականէն։

Յիշեցնենք, որ Հայկօն ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած էր հիւանդանոց։ Ան արդէն մէկ շաբաթէն աւելի էր, որ կըգտնուէրվերակենդանացմանբաժանմունք։

Հայկօն վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով եւ իր վիճակը ծայրայեղ ծանր էր, Սեպեմբեր 21-էն ի վեր բժիշկները կը պայքարէին անոր կեանքին համար։

Հայկօն 2007-ին, ներկայացուցած է Հայաստանը «Եւրատեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին եւ գրաւած 8-րդ տեղը։ 2007, 2010, եւ 2011 թուականներուն արժանացած է «Տարուայ լաւագոյն քոմպոզիթոր» մրցանակին՝ «Մի վախեցիր», «Սպանուած աղաւնի», «Խաչագողի յիշատակարանը» շարժապատկերներուերաժշտութեանհամար։

Գրած է նաեւ «Ոչինչ չի մնայ», «Յոբելեանական յաճախորդ», «Վանայ ծովուն արշալոյսը», «Գարեգին Նժդեհ» շարժանկարներու երաժշտութիւնները։ 2011-ին Մոսկուայի հայկական երաժշտական «Արմենիա» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ արժանացած է «Տասնամեակի երգիչ» մրցանակին։

Օրերս երգիչին հիւանդանոց տեսակցութեան գացած էր ԱԺ-ի նախագահ Ալէն Սիմոնեան։

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի աշխատակազմի ղեկավար Շուշան Դանիէլեանը դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է.

«Երգչի մահուան պատճառը չի կարող լինել պատուաստանիւթը, քանի որ երգիչը պատուաստուած չի եղել…»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment