Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տաթեւ-Աղուանի Ճանապարհի Շինարարութեան Աշխատանքները Այս Տարի Պիտը Աւարտին. Պապիկեան

Տաթեւ-Աղուանի Ճանապարհի Շինարարութեան Աշխատանքները Այս Տարի Պիտը Աւարտին. Պապիկեան

by MassisPost

«Աշխատանքներ են սկսուել Շուռնուխը Տաթեւ-Աղուանի-ին կապող ճանապարհի շինարարութեան ուղղութեամբ», «Ֆէյսպուքեան ասուլիս» հաղորդման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեան:

Փոխվարչապետի հաղորդմամբ՝ նոր ճանապարհներ կը նախատեսուին նաեւ դէպի Որոտան եւ Բարձրաւան:

Անդրադառնալով Սիւնիքի բնակիչներու անհանգստութիւններուն, թէ ինչո՞ւ այլընտրանքային ճանապարհներու աշխատանքները աւելի արագ չեղան, որպէսզի սիւնիքցիները աւելի հանգիստ ըլլային, Պապիկեան նշեց, որ Տաթեւ-Աղուանի ճանապարհը աւելի վաղ կառուցելը ֆիզիքապէս հնարաւոր չէր. «Ճանապարհ կառուցելը միայն կուպր փռել չէ, մանաւանդ, որ մենք խօսում ենք մի ճանապարհի մասին, որը չէր օգտագործւում: Հիմա շինարարութիւնը լայն թափով ընթանում է»:

Փոխվարչապետը յայտնեց, որ ձեռնարկուած են Տաթեւ-Լծեն ճանապարհի աշխատանքները: Սա, Պապիկեանի խօսքով, հնարաւորութիւն կու տայ, որ բեռնատարները չանցնին Տաթեւի Սատանի կամուրջ կոչուող հատուածով:

«Տաթեւ-Աղուանին այս տարի կ’աւարտուի, մինչեւ ձմեռ կ’ունենանք բոլորի հողային անցանելի ճանապարհները, բայց, բանականաբար, կուպրապատ ճանապարհ կ’ունենանք միայն գարնանը», – նշեց Սուրէն Պապիկեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment