Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Նախագահը Հայաստանի Հետ Սերտ Համագործակցութեան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է

Իրանի Նախագահը Հայաստանի Հետ Սերտ Համագործակցութեան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է

by MassisPost

Իրանի նախագահ՝ Սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսին յայտնած է իր վարչակազմի պատրաստակամութիւնը՝ ամրապնդելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ եւ նշած, որ երկկողմանի սերտ համագործակցութիւնը կը համապատասխանէ երկու հարեւաններու շահերուն ու կ’ամրապնդէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։

Tasnim գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այդ մասին նշուած է Հայաստանի անկախութեան օրուայ կապակցութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանին յղած Իրանի նախագահի շնորհաւորական ուղերձներոն մէջ։

Հայաստանի վարչապետին յղած ուղերձով Իրանի նախագահը ողջունած է Թեհրանի ու Երեւանի միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը, որ անոր խօսքերով՝ վերջին տարիներուն քանակապէս եւ որակապէս աճած է։

Իպրահիմ Ռայիսին նաեւ նշած է, որ Իրանի ու Հայաստանի նոր կառավարութիւնները նոր դարաշրջանին կրնան հասնիլ նշանակալից ձեռքբերումներու, նպաստել տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան ու բաւարարել երկու բարեկամ ժողովուրդներու շահերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment