Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Թեման` ՄԱԿ-Ի Ընդհանուր Ժողովի Նստաշրջանի Մասնակիցներու Հանդիպումներու Օրակարգին Վրայ

Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Թեման` ՄԱԿ-Ի Ընդհանուր Ժողովի Նստաշրջանի Մասնակիցներու Հանդիպումներու Օրակարգին Վրայ

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութեան թեման Նիու Եորքի մէջ մեկնարկած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի մասնակիցներու հանդիպումներու օրակարգին վրայ է։ Հայաստանէն նստաշրջանին կը մասնակցի արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան։ Իր հանդիպումներու մասին առայժմ ոչինչ կը հաղորդուի, յայտնի է միայն, որ նախատեսուած է հանդիպում ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ։

Մինչ այդ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները ղարաբաղեան հարցը քննարկած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն հետ։

Սեպտեմբեր 21-ին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը խնդրին անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպման ընթացքին։ Ինչպէս հաղորդած է Պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը, «երկու պաշտօնեաները համեմատաբար երկար զրոյց ունեցան Կովկասի` Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին»։

«Պետական քարտուղարը յստակ հասկցնել տուած է Թուրքիոյ, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է օգտակար դառնալ», – ըսուած է Պետական քարտուղարութեան պաշտօնական կայքէջը տեղադրուած հաղորդագրութեամբ։

Նուլանտն ու Պայրամովը քննարկած են Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կատարման ընթացքը

Հակամարտութեան թեման ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ՝ Վիքթորիա Նուլանտը քննարկած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

«Անհամբեր կը սպասենք առաջընթացի, ներառեալ` Մինսքի խումբի համանախագահներու մեքենականութիւններու միջոցով՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան նպաստելու, գերիներու ազատ արձակման, ականազերծման եւ քաղաքական հաշտեցման համար», – Պայրամովի հետ քննարկումէն յետոյ Թուիթըրեան իր էջով գրած է ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարի տեղակալը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment