Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԶՈւ Յատուկ Նշանակութեան Ստորաբաժանումներու Զօրավարժութիւններ

ԶՈւ Յատուկ Նշանակութեան Ստորաբաժանումներու Զօրավարժութիւններ

by MassisPost

«Հայաստանի արեւելեան եւ հարաւ արեւելեան սահմանի ամբողջ երկայնքով շարունակւում են Զինուած ուժերի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումների զօրավարժութիւնները՝ յատուկ մշակուած գործողութիւններով», հաղորդած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Մարտական խնդիրների ընթացքն ու յաջորդականութիւնը, փոխգործակցութեան կարգը ճշգրտելուց յետոյ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումների զինծառայողներն անցել են իրենց առաջադրուած ուսումնամարտական խնդիրների կատարմանը։ Կազմակերպուել են յատուկ մարտավարական մարզումներ՝ մարտական իրավիճակին հնարաւորինս մօտ պայմաններում։ Իրականացուել են դարանակալման, յարձակման, պայմանական հակառակորդի կարեւոր կառոյցների յայտնաբերման ու ոչնչացման, նպաստաւոր դիրքեր զբաղեցնելու եւ զօրավարժութեան ծրագրով նախատեսուած այլ գործողութիւններ», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ։

Ուրիշ ուղղութեամբ անձնակազմը յաղթահարելով բարդ տեղանքը՝ յարձակած է հակառակորդի յատուկ պահպանուող ռազմավարական կառոյցի վրայ, ոչնչացուցած կենդանի ուժը, առգրաւած փաստաթղթերն ու սպառազինութիւնը եւ վերադարձած, հաղորդած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը։

Զօրավարժութիւններու ընթացքը վերադաս հրամանատարութիւնը գնահատած է լաւ․ – «Ստորաբաժանումների գործողութիւնները ներդաշնակ են եւ սրընթաց, մարտական ոգին՝ բարձր»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment